ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկիրը գլխաւոր դերը խաղացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ հակամարտութեան դադրեցման ուղղութեամբ։

Վլատիմիր Փութին երէկ Ռուսաստանի դաշնակցային ժողովին մէջ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Արցախի երկրորդ պատերազմին։ Ռուս ղեկավարը այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Ռուսաստան միշտ բաց է լայն միջազգային համագործակցութեան համար։ Մենք հետեւողականօրէն կողմ հանդէս կու գանք միջազգային խըն-դիրներու մէջ ՄԱԿ-ի առանցքային դերակատարութեան պահպանման եւ ամրապնդման հարցին մէջ, կը ձգտինք աջակցիլ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման ու արդէն շատ բան ըրած ենք Սուրիոյ մէջ իրավիճակի կայունացման, Լիպիոյ մէջ քաղաքական երկխօսութեան հաստատման համար։ Ինչպէս գիտէք, Ռուսաստան գլխաւոր դերը խաղացած է, որպէսզի յաջողուի դադրեցնել զինեալ հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»։

Հարկ է նշել, որ երէկուան ելոյթին մէջ Փութին խիստ պատգամներ հասցէագրեց Արեւմուտքին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021