ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Անվտանգութեան համագործակցութեան ֆորումի առցանց ժողովի ընթացքին։ Ան հանդէս եկաւ բացման խօսքով, որու ընթացքին ընդգծեց, թէ 17 տարի անց Հայաստան երկրորդ անգամ կը ստանձնէ այս ֆորումի շրջանային նախագահի պաշտօնը՝ յաջորդելով Գերմանիոյ։ Ըստ Արա Այվազեանի, հայկական կողմը այս ֆորումի նախագահութիւնը կը ստանձնէ, երբ կարգ մը գործօններու հետեւանքով ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը առաւել քան երբեւէ վտանգուած են՝ շարք մը հանգամանքներու բերումով։

«Եւրոպայի անվտանգութեան քարտէսը մշտապէս ընդգրկած է աւելի լայն աշխարհագրութիւն մը՝ քան նոյնինքն Եւրոպան։ Այս տրամաբանութիւնը ներդրուած է ԵԱՀԿ-ի մէջ, որ կը ձգուի Վանքուվըրէն մինչեւ Վլատիվոստոք։ Եւրոպական անվտանգութեան աշխարհագրական սահմաններու հաստատումէն 46 տարի անց մենք պէտք է ընդունինք, որ ներկայ քարտէսը ամբողջութեամբ չի ցոլացներ առկայ իրողութիւնները։ Եւրոպական անվտանգութեան նոր սպառնալիքները կու գան ըստ էութեան հարաւէն՝ Միջերկրականէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանէն։ Այս սպառնալիքները՝ մասնաւորապէս օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու իրողութիւնը, մեր կազմակերպութեան տեսադաշտին մէջ եղած են տակաւին 2014 թուականէն սկսեալ։ Այնուամենայնիւ, շատ քիչ բան կատարուած է անվտանգութեան այս սպառնալիքներուն դիմակայելու արդիւնաւէտ կարողութիւններ ստեղծելու ուղղութեամբ», ըսաւ Արա Այվազեան եւ աւելցուց, որ Եւրոպայի անվտանգութեան անբաժանելիութիւնը պահպանելու անկարողութիւնը արտացոլուած է նաեւ անոր քարտէսագրման մէջ։ ԵԱՀԿ-ի տարածքը կարծես մասնատուած է Եւրոպայի անվտանգութեան կեդրոնի եւ ծայրամասի։ Այս երեւոյթը ակներեւ է ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս զանազան հակամարտութիւններու եւ տագնապային իրավիճակներու հանդէպ ցուցաբերուած անհամաչափ ուշադրութեան մէջ։

Ըստ Արա Այվազեանի, անվտանգութեան ամրապնդման ուղղեալ ԵԱՀԿ-ի դրութիւնները կասկածի տակ թողած են սպառազինութիւններու վերահսկումը եւ վստահութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման շուրջ տարաձայնութիւնները կ՚աճին։ Սպառազինութիւններու վերահսկման դրութեան ամբողջականութիւնը լրջօրէն խաթարուած է, ինչ որ հնարաւորութիւն տուած է կարգ մը մասնակից պետութիւններուն՝ ստեղծել պատերազմելու կարողութիւններ։

Արա Այվազեան ժողովի ընթացքին բացատրեց, որ բազմակողմանիութեան համաշխարհային անկումն ու քայքայումը չէ շրջանցած նաեւ ԵԱՀԿ-ը։ Այստեղ կ՚արտացոլուին վաղ նախազգուշացման եւ հակամարտութիւններու կանխարգելման միջոցներու կիրառման յստակ բացթողումներ։ Արա Այվազեան ընդգծեց նաեւ, որ Եւրոպայէ ներս անվտանգութեան եւ համագործակցութեան գաղափարը եղած է ու կը շարունակէ մնալ պատերազմի եւ ուժի կիրառման անընդունելիութիւն։ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը բացայայտեց մասնակից պետութիւններու՝ պատերազմի վտանգները նուազեցնելու նպատակով համագործակցելու եւ ներառական երկխօսութեան ներգրաւուելու վճռականութիւնը։ Սա կ՚ենթադրէր նաեւ վէճերու խաղաղ լուծման նպատակով փոխադարձ համաձայնեցուած լուծումներ փնտռելը, նոյնիսկ լուծման հասնելու ձախողման պարագային։

Արա Այվազեան աւելի վերջ բացատրեց, որ այս բոլորը 46 տարի առաջ էին, իսկ որպէս այժմէական երեւոյթ մատնանշեց անցեալ տարուան՝ Արցախի երկրորդ պատերազմը։ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրառումը պատճառ դարձաւ հազարաւոր զոհերու, պատերազմական յանցագործութիւններու, էթնիք զտումներու, տասնեակ հազարաւոր տեղահանեալներու։ Արա Այվազեան կրկնեց նաեւ Երեւանի պաշտօնական քննադատութիւնները Թուրքիոյ հասցէին։ Այսպէս, Անգարա աջակցած է Պաքուին եւ պատերազմին ներգրաւուած էին օտարերկրեայ զինեալներ։

«Ատրպէյճան ոչ միայն կ՚արդարացնէ ուժի կիրառումը, այլեւ կը պնդէ, որ ուժի միջոցաւ լուծած է հակամարտութիւնը եւ տեղւոյն վրայ նոր իրողութիւններ ձեւաւորած։ Ուժի կիրառմամբ ստեղծուած իրողութիւնները չեն կրնար օրինական ըլլալ, որովհետեւ անոնք իւրաքանչիւր հակամարտութեան եւ տագնապալի իրավիճակի մէջ կը ստեղծեն պատերազմի համար նպաստաւոր միջավայր։ Միայն այն փաստը, որ ուժի կիրառումը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի կողմէ հասցէագրուած հակամարտութեան մը շրջանակներէ ներս՝ ակնյայտօրէն ի ցոյց կը դնէ, որ կազմակերպութիւնը չէ կարողացած պաշտպանել իր հիմնական արժէքները, սկզբունքներն ու յանձնառութիւնները», ըսաւ Արա Այվազեան եւ աւելցուց, որ այսպէսով կասկածի տակ մնացած է ԵԱՀԿ-ի՝ վէճերու խաղաղ կարգաւորման հիմնական կազմակերպութեան պատշաճութիւնը։ Ակնյայտօրէն այս կազմակերպութիւնը ներկայիս չի համապատասխաներ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթով սահմանուած պահանջներուն։ Ան ձախողած է՝ մասնաւորապէս գործադիր կառոյցներու աշխատանքի միջոցաւ կանխարգելման կամ հակամարտութիւններու արձագանգման հարցերուն մէջ։ ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս առկայ անվտանգութեան միջավայրը կը պահանջէ համատեղ ջանքեր, յանձնառութիւն եւ քաղաքական կամք՝ պահպանելու համար անոր համապարփակ, անբաժանելի եւ համագործակցային անվտանգութեան հայեցակարգը։ Արա Այվազեան ելոյթին մէջ հրատապ անհրաժեշտութիւն համարեց ԵԱՀԿ-ի սկզբունքներու եւ յանձնառութիւններու պաշտպանութիւնը։

Ելոյթի եզրափակիչ բաժնին մէջ նախարարը մանրամասնեց ֆորումի հայկական նախագահութեան ծրագրի առաջնահերթութիւնները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021