ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ երկիրներէ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, նախկին դիւանագէտներու, լրագրողներու եւ ակադեմականներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է մասնաւոր յանձնաժողով մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ կատարուած պատերազմական յանցագործութիւններու ուսումնասիրութեան։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս յանձնաժողովի նպատակն է ատրպէյճանցիներու ենթարկուած չարչարանքները երեւան բերել։ Շուրջ երեսուն երկիրէ մասնակից ներգրաւուած է այս յանձնաժողովին. օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան, Ուքրայնա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Պելժիա, Անգլիա, Փորթուգալ, Մորիթանիա, Սպանիա, Մալտիւներ, Սլովենիա, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն, Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Յորդանան, Պահրէյն, Իրան, Իրաք, Պաղեստին, Ալճերիա, Մարոք, Թունուս, Սուտան, Քամերուն, Նիժեր, Նիժերիա եւ այլն։

Յանձնաժողովը կը գլխաւորէ Սալիհ Քուրթ, որ Համաշխարհային Թուրք գրողներու միութեան նախագահն է։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021