ՉԿԱՅ ՎԱԽ, ԲԱՅՑ ՉԿԱՅ ՆԱԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔ

Վերջերս կրթութեան մասնագէտ Սերովբ Խաչատրեան ինծի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնեց ուշագրաւ միտք մը, որու իմաստը հետեւեալն է. առաջ Երեւանի Պետական համալսարանի վերնախաւի զգալի մասը (բազմաթիւ տեքաններ, ամպիոնի վարիչներ) կը վախնային իշխանութենէն, հիմա չեն վախնար եւ սա լաւ է։ Բայց հիմա իշխանութենէն թէեւ չեն վախնար, սակայն չեն ալ յարգեր, իսկ սա վատ է։

Այս օրինաչափութիւնը կարելի է, հաւանաբար, տարածել ամբողջ հանրապետութեան վրայ։ Ի հարկէ, կան Փաշինեանի անդրդուելի երկրպագուներ, որոնք կը շարունակեն հիանալ անոր ամէն մի քայլին՝ հաւանաբար, նաեւ զօրավարի անզուգական տաղանդին։ Բայց իր հիմնական ընտրազանգուածի տրամադրութիւնը այլ է. «նախկինները երկիրը թալանեցին, բանակը քանդեցին, խաբեցին՝ տուին Նիկոլի ձեռքը, այդ խեղճ տղան ի՞նչ ընէր»։ Այստեղ կայ համակրանք, բայց չկայ յարգանք. թէեւ այսպէս մտածողները, ըստամենայնի, քուէ կու տան «Իմ քայլին», բայց, անոնց վրայ հիմնուելով, դժուար կ՚ըլլայ վերածնիլ մեր պետութիւնը, որովհետեւ այդ մարդիկ չեն գիտեր, թէ ինչպէս պէտք է գործեն պետութեան դրութիւնները. չեն պատկերացներ, թէ ինչով պէտք է զբաղի պետութեան ղեկավարը։ Եթէ նման քաղաքացիները մեծամասնութիւն կը կազմեն, սա ուղղակի վտանգ է պետութեան համար։

Մինչեւ 2018 թուականը շատ մարդիկ Սիւնիքի մարզէն ներս ահաբեկուած էին Լիսքայէն (ծածանուն մը), որովհետեւ իր եւ իր ընտանիքի անդամներու արարքները անպատիժ կը մնային (ի դէպ, մինչեւ հիմա ալ անպատիժ մնացին)։ Հիմա, բարեբախտաբար վախ չկայ, բայց չկայ նաեւ յարգանք։

Արդեօք սիւնեցիները իրաւունք ունի՞ն երկրի վարչապետը չյարգելու։ Ինձ կը թուի, այո. պատերազմի մէջ նուաստացուցիչ պարտութիւնը տասնապատիկ նուաստացուցիչ էր այս մարզի բնակիչներուն համար, որոնց սահմանին յայտնուած է թշնամին, իսկ թշնամական երկրի ղեկավարը կը սպառնայ ամբողջութեամբ «վերադառնալ» Զանգեզուր չարաբաստիկ «միջանցքի» միջոցաւ։ Հայաստանի իշխանական այն քարոզիչները, որոնք կ՚ըսեն, թէ Փաշինեանի դէմ ցոյցերը Սիւնիքէ ներս «մութ ուժերու կողմէ սարքուած են», պարզապէս նրբանկատ չեն մարզի բնակիչներու զգացումներուն հանդէպ։ Ուրիշ հարց, որ այդ ցոյցերը կ՚ուղեկցուին հայհոյանքներով եւ ծայրայեղական արարքներով, որոնք ինծի համար անընդունելի են։

Կարեւոր հանգամանք մը եւս։ Փաշինեան իր (այսպէս ըսենք) ոչ այնքան հասուն բնաւորութեան համաձայն, կը շտապէ ընտրութիւններէն առաջ կոտրել որեւէ դիմադրութիւն եւ ինքնահաստատուիլ այն տարածքներէն ներս, ուր իրեն նկատմամբ վերաբերմունքը բարեացակամ չէ՝ զօրով երթալ Եռաբլուր, զօրով «կզացնել» ընդհանուր սպայակոյտի կեներալները, զօրով «նուաճել» Սիւնիքը։ Բացի պետական մտածելակերպի բացակայութենէն՝ այս տղայական կեցուածքը կը սրէ հակասութիւնները առանց այդ ալ պառակտուած հասարակութեան մէջ։ Ինչ կը մնայ բուն ընտրութիւններուն, ապա պայքարը առնուազն շատ կարծր պիտի ըլլայ։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021