ՊԵՐԼԻՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՈՒԺԸ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն (ԵԽԽՎ) ներս օրերս ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Նկատի ունենալով, որ Անկելա Մերքելի ելոյթը շարք մը իրերամերժ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է՝ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը պարզաբանում խնդրած է Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերէն։ Այս կապակցութեամբ Պերլինի իշխանութիւններուն կողմէ ներկայացուած են յաւելեալ բացատրութիւններ, ըստ որոնց Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու դիւանագիտական ջանքերուն՝ կարեւորելով տարածքային ամբողջականութեան, հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հիմնարար սկզբունքները։

Ըստ Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերին, վարչապետը ԵԽԽՎ-էն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձած է միջազգային իրաւունքի կարեւորութեան։ «Խրիմի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին այս համատեսքին մէջ համատեղ նշումը նախ եւ առաջ պէտք է հասկնալ, որ կառավարութիւնը երկու պարագային ալ կը մերժէ ուժը եւ ուժի կիրառումը՝ որպէս հակամարտութեան կարգաւորման միջոց։ Կառավարութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու դիւանագիտական ջանքերուն՝ Հելսինքիի հիմնարար երեք սկզբունքներու հիման վրայ. անոնք են՝ տարածքային ամբողջականութիւնը, խնդիրներու խաղաղ կարգաւորումը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը», նշուած է Պերլինէն տրուած բացատրութիւններուն մէջ։

Միւս կողմէ, Եւրոխորհուրդի նախարարաց կոմիտէի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայէլ Ղոտ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ աջակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։ Հարկ է նշել, որ Միխայէլ Ղոտ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարարն է։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021