ԲԻՒՐԱԿԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹ

Բիւ­րա­կա­նի աստ­ղա­դի­տա­րա­նին մէջ սկսած է մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր՝ ՆԱ­ՍԱ-ի Տիե­զե­րա­կան յա­ւե­լուած­նե­րու վե­ցե­րորդ մրցու­մը, ո­րուն Հա­յաս­տա­նը մաս­նակ­ցած է ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու օ­դա­նա­ւոր­դու­թեան եւ տիե­զե­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը՝ ՆԱ­ՍԱ-ն, մի­ջազ­գա­յին մրցու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն առ­ջեւ դրած է յա­ւակ­նոտ հարց. 24 ժամուան ըն­թաց­քին մշա­կել եւ ներ­կա­յաց­նել նո­րա­րա­րա­կան լու­ծում­ներ եւ ա­ռա­ջարկ­ներ՝ կի­րար­կե­լով տուեալ­նե­րու վիր­թուա­լա­ցում, քո­տա­ւո­րում, ձե­ւա­ւո­րում եւ այլ մի­ջոց­ներ:

Հա­յաս­տա­նեան փու­լին մաս­նակ­ցու­թեան դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած խում­բե­րը յա­ւե­լուա­ծա­յին լու­ծում­ներ ա­ռա­ջար­կած են «Եր­կի­րը եւ մենք», «Կա­պոյտ մո­լո­րակ», «Զգու­շա­ցէք, առ­ջե­ւը վտանգ կայ», «Մեր բնա­պահ­պա­նա­կան մի­ջա­վայ­րը» եւ «Մտա­ծե­ցէք եւ ստեղ­ծե­ցէք» նիւ­թե­րու շրջա­նակ­նե­րուն մէջ: Հինգ նիւ­թի շուրջ կազ­մա­կեր­պած մրցոյ­թի ըն­թաց­քին մաս­նա­կից­ներ ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը պի­տի չա­փեն թէ՛ խմբա­յին եւ թէ ան­հա­տա­կան մաս­նակ­ցու­թեան շրջա­նա­կի մէջ: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, նո­րա­րա­րա­կան բաց հար­թա­կի վրայ մրցե­լով՝ մաս­նա­կից­նե­րը  կրնան հաս­նիլ կա­րե­ւոր նպա­տակ­նե­րու. տար­բեր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու լուծ­ման նպա­տա­կով օգ­տուե­լով ՆԱ­ՍԱ-ի եւ ա­ռանց­քա­յին այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ի­րա­կան տուեալ­նե­րու շտե­մա­րան­նե­րէն եւ ա­ռա­ջար­կել կի­րար­կուող լու­ծում­ներ:

Մրցող խում­բե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը ներ­կա­յա­ցուած են տե­ղա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կան կազ­մի գնա­հատ­ման: Ա­նոնց հիմ­քին վրայ ու­սա­նող, սկսնակ, փոր­ձա­գէտ ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու, քո­տա­ւոր­ման ծրագ­րա­ւո­րող­նե­րու, ձե­ւա­րար­նե­րու եւ վեր­լու­ծա­բան­նե­րու կող­մէ մշա­կուած նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը, նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներն ու գա­ղա­փար­ներն են:

«Բիւ­րա­կա­նի աստ­ղա­դի­տա­րա­նը հա­մախմ­բած է մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցու­մի հա­յաս­տա­նեան փու­լի մաս­նա­կից­նե­րը: Հպարտ եմ ար­ձա­նագ­րե­լու, որ ա­նոնք ի­րենց առ­ջեւ դրուած ա­ռա­ջադ­րան­քին ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քին պի­տի օգ­տուին մեր տրա­մադ­րած գե­րա­րագ կա­պէն: Աստ­ղա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ մեր երկ­րին նուա­ճում­նե­րը անգ­նա­հա­տե­լի են: Գի­տու­թեան հան­դէպ այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն սէրն ու ձգտու­մը թոյլ կու տան մտա­ծե­լու, որ այդ ա­ւան­դոյթ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին, եւ ո­լոր­տին հե­տա­գայ զար­գա­ցու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րուած պի­տի ըլ­լայ», նշած է «Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխա­ւոր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­կեան:

Միւս կող­մէ, մի­ջազ­գա­յին այս մրցոյթ-մար­տահ­րա­ւէ­րին հա­յաս­տա­նեան փու­լի կազ­մա­կեր­պի­չը «X-TECH» ըն­կե­րու­թիւնն է, հա­մա­կազ­մա­կեր­պի­չը՝ «Locator» ըն­կե­րու­թիւ­նը:

Կա­րե­ւոր հա­մա­րե­լով աստ­ղա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ Հա­յաս­տա­նի նուա­ճում­նե­րը՝ «Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ը մրցոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը ա­պա­հո­ված է գե­րա­րագ հա­մա­ցան­ցի կա­պով:

«Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ը «Էմ.Թի.Էս. Հա­յաս­տան»  Հա­յաս­տա­նի մէջ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ա­ռա­ջա­տար ըն­կե­րու­թիւնն է, որ ու­նի ա­մե­նէն հզօր 2G/3.75G/4G ցան­ցը եւ կը տրա­մադ­րէ ձայ­նա­յին եւ տուեալ­նե­րու փո­խանց­ման ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու բազ­մա­զան տե­սա­կա­նի՝ Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին: Գոր­ծու­նէու­թեան հիմք ըն­դու­նե­լով իր բա­ժա­նորդ­նե­րուն շա­հե­րուն լա­ւա­գոյնս ծա­ռա­յե­լը, հիմ­նադր­ման օ­րէն՝  2005 թուա­կա­նի Յու­լիս 1-էն, «Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ը կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մէջ կրցած է ստեղ­ծել հա­մա­հան­րա­պե­տա­կան ցանց եւ բա­ժա­նորդ­նե­րու մեծ թիւ: «Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ը նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջա­տարն է եւ հե­տա­մուտ է ո­լոր­տի բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րուն՝ ի շահ երկ­րի շար­ժա­կան հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան շու­կա­յին:

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017