ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Լոս Անճելըսի մէջ, նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին, Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսի հեղինակած «Ահա կինը» գիրքին գինեձօնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ ներկայացուց նաեւ յայտագիրին մասնակցողներուն կենսագրականները:
Հատորը ներկայացուց ՀԲԸՄ «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանի ուսուցչուհի Ռոզալին Մատոյեան, որ անդրադարձաւ նաեւ հատորին հրատարակման դրդապատճառներուն, կնոջ կազմուածքի տարբեր դերերուն, ներողամտութեան եւ սիրոյ մասին: Ապա երախտագիտութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ հատորին հեղինակը՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսը, որմէ ետք Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեան իր պատգամին մէջ հանդիսականներուն ուշադրութեան յանձնեց նմանատիպ գիրքերու ճշմարիտ տեղն ու դիրքը, ապա դըր-ւատելով հեղինակն ու ներկայացնողը՝ օրհնեց անոնց իրականացուցած օգտակար աշխատանքը: Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Աւարտին կատարուեցաւ գրքին գինեձօնը: