ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԷՆ ՊԱՐԳԵՒ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց շուէտահայ լրագրող, բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանը:
Նախարարը ողջունեց սփիւռքահայ գործիչը, կարեւոր համարեց անոր հայանպաստ գործունէութիւնը՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելու հայկական հարցերուն վրայ, նաեւ՝ համամարդկային նիւթերու միջոցով զանոնք աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին պահելու ուղղութեամբ: Ան մասնաւորապէս նշեց, թէ լրագրողը անդրադարձած է հայ կնոջ տառապանքներուն, պայքարին ու դժուարին ճակատագրին: Յակոբեան Սիւզան Խարտալեանը պարգեւատրեց Սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով՝ Ոսկէ մետայլով:
Սիւզան Խարտալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ խօսքերուն ու բարձր գնահատանքին համար եւ աւելցուց. «Գնահատանքի խօսքը, որ հայրենիքէն կու գայ, աւելի թանկ է: Շնորհակալ եմ: Կրնամ բան մը խոստանալ, որ գործս պիտի շարունակեմ, իմ էութիւնս ասիկա է: Պատմութիւնը տղամարդիկ կը գրեն, եւ անոր համար ալ քիչ կը նշուին կանանց հերոսութիւնները: Կիներու հետ կապուած նիւթերը զգայուն են, եւ տղամարդիկ կը խուսափին արծարծելու եղեռնի տարիներուն կիներու տառապանքներուն առընչուող նիւթերը»:
Այնուհետեւ յայտնի լրագրողն ու բեմադրիչը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Սիւզան Խարտալեան կրթութեամբ լրագրող է, ուսանած է Պէյրութի ու Փարիզի համալսարաններուն մէջ: Ան աւելի քան երեք տասնեակ ժապաւէններու հեղինակ է։