ՍԾՏՀԿ 25 ՏԱՐԵԿԱՆ
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՍԾՏՀԿ) արդէն դարձած է 25 տարեկան։ Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդած ժամանակաշրջանին ստեղծուած այս կազմակերպութեան հիմնադիր պետութիւններու շարքին է Հայաստան։
ՍԾՏՀԿ-ի 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ այսօր յատուկ գագաթաժողով մը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ այդ կազմակերպութեան միջազգային քարտուղարութիւնը։ Գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ։
Այսօրուն գագաթաժողովին վերջին օրերուն նախորդեցին անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ աւագ պաշտօնեաներու ժողովները։ 25-ամեայ յոբելենական գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնէ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեան։
Այսօրուան գագաթաժողովին կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, որ Հայաստանի նախկին վարչապետներէն մին է։