ԱՏԵՆԱՊԵՏԷՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Երկար ժամանակէ վերջ տեղի ունեցաւ VADİP-ի ժողով մը, որ դժբախտաբար անցաւ շատ լարուած մթնոլորտի մը մէջ։ Բառին բուն իմաստով փոթորկալից նիստ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու տուաւ վերջնագիր մը։ Երէկուան ժողովը ապացուցանեց, որ մեր վարժարաններու նիւթական առկայ հարցերը հասած են թրքահայութեան համայնքային կեանքը անդամալուծելու եզրին։

VADİP-ի երէկուան ժողովի սկիզբին Պետրոս Շիրինօղլու ասպարէզ կարդաց Համբարձման սեղանի ընթացքին ունեցած ելոյթին բերումով իր հասցէին սանձազերծուած բողոքի արշաւին դէմ։ Ծանօթ է, որ ան առաջարկած էր մեր կարգ մը դպրոցներու միացումը՝ առկայ անելէն դուրս գալու համար։ Երէկուան ժողովի սկիզբին մասնակիցները նախ ունկնդրեցին Պետրոս Շիրինօղլուի Համբարձման սեղանի ընթացքին ունեցած ելոյթին ձայնագրութիւնը։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու աւելի վերջ ընդգծեց, որ իրեն դէմ կատարուած են անհիմն քննադատութիւններ՝ ինչպէս մամուլին մէջ, այնպէս ալ ընկերային ցանցերու վրայ։ Շիրինօղլու ներկաներու նկատառման յանձնեց, որ տակաւին 2002 թուականին մեր համայնքին մէջ շրջանառութեան դրուած մասնագիտական տեղեկագիրներու բովանդակութեամբ նախատեսուած էր այն ինչ, որու մասին ինք այսօր ահազանգ կը հնչեցնէ։ Շիրինօղլու զգուշացուց, որ յառաջիկայ տասն տարուան ընթացքին եւս 1500-ով կրնայ նուազիլ մեր դպրոցներու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը։

Կրթական կեանքի նիւթական խնդիրներու մասին ան ներկայացուց զանազան տուեալներ եւ խորհրդածութիւններ, որոնց երէկ անդրադարձած էինք թերթիս մէջ։ Բաց աստի, Շիրինօղլու անդրադարձաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ուղղուած զանազան քննադատութիւններուն, ըստ որոնց Գթութեան յարկը չի խնամեր կարիքաւոր հիւանդները։ Տարիներէ ի վեր տարուած հետեւողական աշխատանքով հանդերձ, ըստ Շիրինօղլուի, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը կ՚ենթարկուի այս անհիմն քննադատութիւններուն։ Այս ձեւով զանազան շրջանակներ կը փորձեն մաշեցնել թէ՛ հաստատութիւնը եւ թէ իր անձը։ Ուստի, Շիրինօղլու արտայայտեց իր պոռթկումը, մինչ ժողովականներու նկատառման յանձնուեցան հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ հանգուցեալ Սեդրակ Թոքատէ մէջբերուած խօսքեր։

Այս բոլորէն վերջ Պետրոս Շիրինօղլու բառին բուն իմաստով վերջնագիր մը ներկայացուց VADİP-ին։ Ան յայտնեց, որ այլեւս համակարգման խորհուրդը լուծարուած է։ VADİP-ի ապագայ աշխատանքն ալ այս ձեւով անորոշութեան մատնուած կը համարուի։ Որովհետեւ յառաջիկայ աշխատանքը կախում պիտի ունենայ դպրոցներու նիւթական հարցերու լուծման ուղղութեամբ կամքի մը դրսեւորումէն, բոլորի համախմբուած ձեւով միասնական շօշափելի ու գործնական քայլեր առնելէն։ Աւելի վերջ Պետրոս Շիրինօղլու հեռացաւ ժողովասրահէն։

Ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ տրուեցաւ կարճ դադար մը, ժողովը աւելի վերջ շարունակուեցաւ VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըի գլխաւորութեամբ։ Քանի մը կենսական խնդրի շուրջ կատարուեցան խօսակցութիւններ։ Եզրափակիչ փուլին շինիչ ոգիով խորհրդածութիւններ ունեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։

Այսպէսով, վերջին շուրջ ութ տարիներու բաւական նուազ արդիւնաւէտ աշխատանքէն վերջ VADİP-ի առջեւ գոյացան լուրջ մարտահրաւէրներ։ Համայնքային մարմինները ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018