ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ…

Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու հաւաք մը։ Սա բառին բուն իմաստով սաներու գագաթաժողով մըն էր։ Միութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած հաւաքին մասնակցեցան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն համայնքէն ներս հրատապ օրակարգ դարձած է մեր շարք մը վարժարաններու միացման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ տեսակէտ մը։ Այս հեռանկարը կ՚ենթադրէ կարգ մը վարժարաններու ապագային վտանգուիլը՝ յանուն մեր կրթական կեանքի վերակազմակերպման։ Ներկայ իրավիճակին մէջ կեդրոնականցիները որոշած են շարժման անցնիլ՝ վարժարանի պիւտճէի ահաւոր բացը հնարաւորինս հաւասարակշռելու նպատակով։ Վերջին շուրջ մէկ շաբթուան ընթացքին տարուած աշխատանքի մը հիման վրայ տեղի ունեցաւ երէկուան շրջանաւարտից հաւաքը, որու մասնակիցներու թիւը նախատեսուածէն շատ աւելի բարձր էր՝ յուրախութիւն Կեդրոնական ընտանիքին։ Շրջանաւարտներու հաւաքը տեղի ունեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներէն Սարվէն Մուրատեանի եւ ընկերներուն նախաձեռնութեամբ։ Աւելի վերջ, այդ նախաձեռնութեան միացան բազմաթիւ կեդրոնականցիներ եւ ի վերջոյ միութեան հաւաքատեղիի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երէկուան համախմբումը։

Երեկոյթին մասնակցեցան Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան եւ իր ընկերները, բազմաթիւ կեդրոնականցիներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։ Հաւաքը վարեցին Գրիգոր Սահակօղլու, Սեւան Աթաօղլու եւ Սարվէն Մուրատեան։

Երեկոյթի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սարվէն Մուրատեան, որմէ վերջ արտայայտուեցան Գրիգոր Սահակօղլու եւ Սեւան Աթաօղլու։ Այս առթիւ Սահակօղլու ամփոփ գիծերու մէջ յիշեցուց դպրոցին պատմութիւնն ու առաքելութիւնը։ Ան մատնանշեց, որ այս հաստատութիւնը միշտ ունեցած է նիւթական դժուարութիւններ, սակայն միշտ ալ հաւատարիմ մնացած է իր հիմնադրութեան նպատակին։ Գրիգոր Սահակօղլու վիճակագրական տեղեկութիւններ ալ ներկայացուց դպրոցին մասին եւ ընդգծեց, որ Կեդրոնական վարժարանի տեսակէտէ առաւելութիւն մըն է զուտ թաղի մը, սահմանափակ միջավայրի մը չպատկանիլը, այլ ամբողջ համայնքին պատկանիլը։

Իր կարգին, Սեւան Աթաօղլու խօսեցաւ համայնքէն ներս վարժարաններու ի նպաստ նիւթական միջոցներու համատեղման եւ «հասարակաց աւազան»ի մը ստեղծման հեռանկարին մասին։ Այսպիսի ծրագրերու վրայ վերջին տարիներուն մեծ յոյսեր կը դրուին համայնքէն ներս, մամուլն ալ ատեն-ատեն կ՚անդրադառնայ նման նիւթերու։ Յամենայնդէպս, օրէնսդրական տեսակէտէ այս բոլորը շատ ալ իրատես չեն համարուիր։

Ժողովի բացման փուլը աւարտին հասաւ՝ Գրիգոր Սահակօղլուի եւ Սեւան Աթաօղլուի մատնանշումներով, ըստ որոնց Կեդրոնական վարժարանի տեսակէտէ անհեռանկար կը համարուին «հասարակաց աւազան»ի նման որոնումները եւ կարելի չէ օգուտ մը ակնկալել այդ բոլորէն։

Ուստի, շրջանաւարտներու հաւաքի շարունակութեան մասնակիցները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Կեդրոնականի ընտանիքի ներուժով նոր շարժում մը, յաւելեալ միջոցներ ստեղծելու նպատակով։ Ընդգծուեցաւ կեդրոնականցիներու միջեւ հաղորդակցութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։ Այս բաժնին մէջ յատկանշական արտայայտութիւններ ունեցաւ խնամակալութեան նախկին ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, խնամակալութեան ներկայ կազմէն Խաչիկ Ճանէլ, Վաղարշակ Սիմքէշեան, համայնքէ ներս վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած կեդրոնականցիներէն Մուրատ Ճաւաք եւ այլ զանազան դէմքեր։ Աստիճանաբար հասունցաւ նաեւ Կեդրոնականի մարդուժի ենթագետինը ամրապնդելու եւ այդ մէկը արդիւնաւէտ օգտագործելու գաղափարը։

Այս բոլորի հիման վրայ կեդրոնականցիները սկսան միտք յոգնեցնել՝ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու հնարաւորութիւններէն օգտուելով շրջանաւարտներու ցանց մը ստեղծելու վրայ։ Բաց աստի, կը ծրագրուի թէ՛ քաղաքիս եւ թէ արտասահմանի շրջանաւարտները ցուցակագրել՝ հաղորդակցութեան տարրական տուեալներով։ Սա թէ՛ պիտի ամրապնդէ կեդրոնականցիներու ներքին շփումները եւ թէ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ դպրոցի ի նպաստ նուիրահաւաքներ կազմակերպելու նպատակին։ Այս աշխատանքին կորիզը կը կազմէ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ տարուած վիթխարի աշխատանքը, որու շնորհիւ շուրջ հազար կեդրոնականցիներ ցուցակագրուած են համակարգչային մթնոլորտի մէջ։ Մկրտիչ Արծիւեան յայտնեց, որ փոքր թարմացումներով այդ ցուցակը կրնայ բերուիլ նպատակայարմար վիճակի։ Այս երկու ուղղութիւններուն զուգահեռ կեդրոնականցիները մտային վարժանք մը ըրին նաեւ դպրոցին ի նպաստ նուիրատուութիւններ կատարելու ձեւերուն շուրջ՝ օրէնսդրութեան թոյլ տուած սահմաններուն մէջ։

Օրակարգի առանցքային նիւթերէն մին էր Տոլափտէրէի մէջ գտնուող, սեփականութիւնը Ղալաթիոյ խնամակալութեան պատկանող տարածքի արժեւորումը։ Վաղարշակ Սիմքէշեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ ցայսօր կատարուած աշխատանքին եւ մշակուած շփումներուն շուրջ։ Կեդրոնականցիները ցաւով համոզուեցան, թէ խնամակալութիւնը իրականութեան մէջ առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ պայմանագրեր կնքած էր, սակայն երկրէն ներս տնտեսական առումով պայմաններու կտրուկ փոփոխութեան հետեւանքով այդ համաձայնութիւնները ակամայ յետսկոչուեցան դժբախտաբար։ Ներկայիս խնամակալութիւնը յամառօրէն կը հետապնդէ Տոլափտէրէի տարածքը արժեւորելու խնդիրը, սակայն սկզբունքօրէն որդեգրուած է՝ սեփականութեան իրաւունքը համայնքէ դուրս շրջանակներու հետ չբաժնելու մօտեցումը։

Այս կէտին վրայ ուշագրաւ խորհուրդներով հանդէս եկաւ յայտնի բարերար Հայկ Ասլանեան, որ աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կը գլխաւորէ Կեդրոնականի տարեկան մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբերը։ Հայկ Ասլանեան նախ խորհուրդ տուաւ՝ որպէսզի խնամակալութիւնն ու դպրոցի տնօրէնութիւնը համախոհաբար երթան խնայողութեան։ Ան ըսաւ, որ Կեդրոնականի մէջ կարելի է պակսեցնել դասարաններ, կարելի է պակսեցնել սթաժիէր ուսուցիչներու թիւը եւ այսպէսով ապահովել խնայողութիւններ։ Հայկ Ասլանեան խօսեցաւ նաեւ սեփականութեան իրաւունքը մասամբ Կեդրոնականին պատկանող կարգ մը համայնքապատկան կալուածներէ ապահովուած հասոյթին առումով Կեդրոնականի ենթարկուած անարդարութիւններուն։ Այս բոլորէն վերջ, Հայկ Ասլանեան հանդէս եկաւ ողջունելի խոստումով մը։ Ան ըսաւ, որ չորս բարերարներու հետ կրնան 500 հազարական լիրա նուիրատուութիւն յատկացնել Տոլափտէրէի համայնքապատկան տարածքի արժեւորման նպատակով։ Այսպէսով կը գոյանայ 2 միլիոն թրքական լիրա եւ շինարարութիւնը կրնայ սկսիլ։ Ճիշդ է, որ շուրջ 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի պիւտճէ մը կը նախատեսուի այդ շինարարութեան ընդհանուրին համար, սակայն, ըստ Հայկ Ասլանեանի՝ եթէ աշխատանքը սկսի, ապա շօշափելի գործը տեսնելով համայնքը կրնայ զօրակցիլ շարունակութեան համար։

Շրջանաւարտներու հաւաքի աւարտին որոշուեցաւ հասունցած միտքերը կեանքի կոչելու համար ստեղծել յանձնախումբ մը։ Խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու այս փուլին յայտնեց, որ իրենք ունին կալուածոց յանձնախումբ մը, որ աշխատանք կը տանի Տոլափտէրէի տարածքի արժեւորման համար։ Ուստի, ան առաջարկեց՝ որպէսզի այդ յանձնախումբի կազմը վերամշակուի զանազան շրջանաւարտներով։

Երեկոյթի աւարտին արտայայտուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ եւս կեդրոնականցի մըն է։ Ան նշեց, որ այս դպրոցը պէտք է իր անուան հետ ուղիղ համեմատութեամբ կեդրոնական դիրք զբաղեցնէ մեր համայնքային կեանքէն ներս։

Փակման փուլին ընդգծուեցաւ, որ ապագային եւս տեղի պիտի ունենան նման ձեւաչափով հաւաքոյթներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018