Հայաստանի Եւ Արցախի Մասին Էնթընի Պուրտենի Յայտագիրը

Շաբաթավերջին, ըստ «Ասպարէզ» օրաթերթի, ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» կայանէն առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ խոհանոցային եւ ճամբորդական յայտագիրներու թղթակից Էնթընի Պուրտենի Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան արգասիքը հանդիսացող միժամեայ յայտագիրը, որ մաս կը կազմէ անոր «Անծանօթ Վայրեր» («Anthony Bourdain Parts Unknown») հաղորդաշարին:

Պուրտեն, աշխարհի տարածքին ճանապարհորդելով՝ կը բացայայտէ զանազան մշակոյթներ եւ անոնց խոհանոցը:

Այս յայտագրին համար, Պուրտեն այցելած էր նաեւ Շուշիի մօտակայ Ջդրդուզի ձորը՝ վայելելով արցախեան «ճինկելով հաց»ը, «շիլա»ն եւ խորովածներ, ինչպէս նաեւ մածուն, ծիրանի, թութի եւ հոնի օղիներ:

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018