«ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՆՑՔ»

Սպանիան կրնայ ստեղծել «անվտանգութեան միջանցք»՝ միջազգային զբօսաշրջիկներու համար։ Այսպէս, Սպանիոյ բնապահպանական բարեփոխումներու նախարար Թերեզա Ռիպերա տեղեկացուցած է, որ իշխանութիւնները կը դիտարկեն միջազգային զբօսաշրջիկներուն «անվտանգութեան միջանցք» տրամադրելու հնարաւորութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ան իր յայտարարութեան մէջ ըսած է. «Մենք կը մտածենք անվտանգութեան միջանցքի մասին: Այդ համակարգի շրջանակէն ներս մարդիկ կրնան գալ մեզ մօտ այն տարածքներէն, ուր վերջին մէկ-երկու շաբաթուայ ընթացքին վարակեալներու մակարդակը նուազած է»:

Նախապէս ալ Փոխադրութեան նախարար Խոսէ Լուիզ Ապալոզ յայտնած էր, որ յունիսի վերջին Սպանիան կրնայ սկսիլ ընդունելու միջազգային զբօսաշրջիկներ, երբ իրենք՝ սպանացիները կրնան ազատ տեղաշարժուիլ երկրին մէջ:

Ներկայիս Սպանիոյ մէջ խիստ կանոններ կը գործադրուին օտարերկրացիներու մուտքի համար: Կրնան գալ միայն անոնք, որոնք ունին առաջնային իրավիճակ, ինչպէս նաեւ դիւանագէտները, սահմանային շրջաններու մէջ աշխատողները: Երկշաբաթեայ պարտադիր մեկուսացում կը գործադրուի երկիր պարտադիր եկողներու համար:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020