«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՈՐՈՇԵՑ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԵՔ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը քորոնաժահրի համաճարակի առկայ մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ իր հնարաւորութիւնները ի գործ դնել՝ մասնաւորապէս Լիբանանի հայութեան սատար հանդիսանալու առաջադրութեամբ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդեցին, որ հաստատութիւնը 30 հազար ամերիկեան տոլար մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնել որոշած է լիբանանահայ գաղութին։ Ըստ հրապարակուած հաղորդագրութեան, հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը 30 հազար ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ լիբանանահայ երեք կազմակերպութիւններու, որոնք ընկերային ծառայութիւններ կը մատուցանեն։ Հիմնարկի զօրակցութեան նպատակն է քաջալերել այդ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ յառաջ տարուած մարդասիրական աշխատանքները, որոնք կ՚իրականացուին հակառակ Լիբանանի ծանր տնտեսական պայմաններուն եւ համաճարակով ստեղծուած բժշկական տագնապի յաղթահարման նպատակով։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն 10 հազարական ամերիկեան տոլար օժանդակութիւն կը ստանան հետեւեալ երեք կազմակերպութիւնները.

Ա- Լիբանանահայ օգնութեան խաչ (ԼՕԽ),

Բ- Հայ կրթական բարեսիրական միութիւն (ՀԿԲՄ),

Գ- «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն։

Տրամադրուելիք նպաստները պիտի օգնեն այս կազմակերպութիւններուն, որպէսզի շարունակեն լիբանանահայ գաղութի կարիքաւորներու դիմագրաւման ուղղեալ իրենց նախաձեռնութիւնները։ Այս ծիրին մէջ են սնունդի եւ դեղօրայքի մատակարարումը եւ բժշկական ծառայութիւնները։

Այս նուիրատուութիւնը համահունչ է լիբանանահայ կրթական ոլորտէն ներս «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախաձեռնած աշխատանքներուն:  Այս նոյն մեկնակէտով՝ դեկտեմբեր 2019-ին եւ յունուար 2020-ին հիմնարկը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած էր Լիբանանի մէջ գործող 18 հայկական վարժարաններուն:

Մարդասիրական այս օգնութիւնը կու գայ միանալ  համաճարակի դէմ պայքարի համար անհրաժեշտ բժշկական սարքեր ապահովելու նպատակով Հայաստան ուղարկուած  օժանդակութեան:

Հայկական բաժանմունքին կողմէ կատարուած այս նուիրատուութիւնը մաս կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ ընդարձակ ծրագիրներուն: Այս վերջինը առկայ տագնապը յաղթահարելու նպատակով բաժանմունքին նախաձեռնած հերթական ծրագրերէն մին է:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020