ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ ՊԵԹՀՈՎԵՆ
Զանազան երկիրներէ 170 արուեստագէտ Պեթհովենի երաժշտութեամբ խաղաղութեան կոչ յղած է աշխարհին։ Աշխարհի 15 երկրէ 170 արուեստագէտ առցանց հարթակի վրայ կատարած է Պեթհովենի չորրորդ սիմֆոնիայէն հատուած մը։ Երգիչները, երաժիշտները արուեստի միջոցով աշխարհին դիմած են խաղաղութեան եւ բարեկամութեան կոչով:
Հայաստանէն նախաձեռնութեան միացած են երաժիշտներ՝ Արուսեակ Սահակեան, Գոհար Պապոյեան եւ Ելենա Մինասեան:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանութեան մշակութային կեդրոնէն, հետեւելով քորոնաժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ արուեստագէտներու՝ առցանց հարթակի վրայ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու առաջարկներուն՝ Իրանի «Ռութաքի» հիմնադրամը հրաւիրած է արուեստագէտները ամբողջ աշխարհէն՝ հեռավար կապով ձայնագրելու Պեթհովենի չորրորդ սիմֆոնիայէն կտոր մը, որ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան նիւթին նուիրուած է։
Բոլոր մասնակիցները մեծ ոգեւորութեամբ միացած են ծրագրին: