ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐ ԲՆԱԿԻՉԸ

Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը նոր բնակիչ մը ունի։ Այսպէս, Երեւանի կենդանաբանական այգիի այցելուները շատ շուտով հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի՝ Կենդանաբանական այգիին յունիսի 1-ին ընդառաջ նուիրաբերած սպիտակ առիւծը:

«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

Շնորհակալ ենք հիմնադրամին եւ վստահ՝ առիւծը արագօրէն կը յարմարի նոր միջավայրին եւ կը դառնայ այգիի այցելուներու սիրելի կենդանիներէն մէկը:

Նոր բնակիչը՝ Սիմպան, հինգ ամսու է:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020