ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՍ 4 ՄԱՀ

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամերուն հրապարակեց վիճակագրական տուեալներ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանէ ներս վարակի հաստատուած դէպքերու թիւը բարձրացած է 5 հազար 928-ի։ Ցայսօր 2 հազար 834 վարակեալ առողջացած է։ Վերջին օրուան ընթացքին համաճարակի զոհ գացած է չորս հոգի եւ մահերու ընդհանուր թիւը հասած է 74-ի։ Նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ վերջին չորս զոհերու բոլորն ալ եղած են արական սեռէ եւ ունեցած՝ այլ քրոնիկ հիւանդութիւններ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020