ՄԻՉԻԿԸՆԻ ՄԷՋ ՋՐՀԵՂԵՂ

Միչիկընի մէջ ջրհեղեղի պատճառով հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միչիկըն նահանգին մէջ ուժգնացող ջրհեղեղը մասամբ ջուրի տակ առած է Միտլենտ քաղաքը, որ կը գտնուի նահանգի կեդրոնին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ջրհեղեղի պատճառով բնակավայրերէ հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են:

Ջրհեղեղը կը սպառնայ «Dow Chemical» քիմիական գործարանին: Մայիսի 20-ի առաւօտեան ջուրը հասած է գործարանի տարածք: Ընկերութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ աշխատակիցներէն ոչ ոք տուժած է:

Թէեւ տեղւոյն օդերեւութաբանները զգուշացուցած են զանոնք վտանգ ներկայացնող ջրհեղեղի մասին: Կը նշուի, որ 1986 թուականէն ի վեր այսպիսի ուժգնութեամբ ջրհեղեղ չէր եղած:

Միչիկընի նահանգապետ Կրետհըր Ուիտմըր դիմած է ամերիկեան կառավարութեան՝ նահանգին օգնութիւն ցուցաբերելու խնդրանքով: Ան տեղեկացուցած է, որ մի քանի օր տեղացած յորդառատ անձեւները յանգեցուցած են նահանգով հոսող երկու գետերու ջուրի մակարդակի բարձրացման, պատուարներու վնասման: Միտլենտի մէջ 10 հազար բնակիչ տարհանուած է:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020