«ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՈՒԺԵՐՈՒ ՆՊԱՏԱԿԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ Հայ ազգային քոնկրէսի անունով հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։

*

Նկատի ունենալով Հայաստանի սահմաններու շուրջ ստեղծուած պայթիւնավտանգ իրավիճակը եւ այդ առիթով տեղի ունեցած բողոքի «տարերային» ցոյցերը, որոնք իրականութեան մէջ կ՚ուղղորդուին ընտրապայքարի մտած տարաբեւեռ ուժերու կողմէ, կը յայտարարենք.

Միթէ ակնյայտ չէ՞, որ Ատրպէյճան, կանխազգալով յառաջիկայ ընտրութիւններուն Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբի անխուսափելի տապալումը, կը փորձէ, որքան հնարաւոր է, շատ բան կորզել Հայաստանէն։ Ուստի, քանի որ բողոքի ցոյցերը ակնյայտօրէն աւելի կը թուլացնեն Նիկոլ Փաշինեանը, կը ստացուի, որ վերը նշուած ուժերը կը նպաստեն Ատրպէյճանի ծրագրերու իրականացման։ Իսկ սա, իր հերթին, կը նշանակէ, որ ցոյցերու կազմակերպիչները կ՚առաջնորդուին ո՛չ թէ պետական շահերով, այլ զուտ նախընտրական քարոզարշաւի դրդապատճառներով։

Հետեւաբար, այս պահուն ընդդիմադիր բոլոր ուժերու նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ ներքին ցնցումներու հրահրումը, այլ Փաշինեանի իշխանութեան պարտութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Ուրիշ ոչինչ։  

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021