ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Սելչուք Պայրաքթարօղլու Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան ռազմական համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու արժեւորման ամբողջին մէջ կողմերը գնահատեցին Թուրքիոյ քաջալերանքով Ատրպէյճանի բանակէն ներս կեանքի կոչուած բարեփոխումներու դրական արդիւնքը։

Պայրաքթարօղլու հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Հիքմէթ Միրզէյեւի հետ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2024