ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ԽՕՍԻ ՊԱՔՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱՇԱՌՈՒԱԾ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Ա­մե­րի­կեան նշա­նա­ւոր «The New York Times» թեր­թը վեր­ջերս բա­ցա­յայ­տեց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­շա­ռուած ա­մե­րի­կա­ցի գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը։ Հե­ղի­նա­կա­ւոր թեր­թի բա­ցա­յայ­տում­նե­րով, սե­փա­կան վար­կա­նի­շը բարձ­րաց­նե­լու եւ մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ Պա­քուի ի նպաստ լո­պիինկ ը­նե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­շա­ռուած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գոնկ­րէ­սէն ան­դամ­ներ։ «Ուր­կէ՞ կ՚անց­նի սահ­մա­նը ի­րա­վի­ճա­կին ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար ԱՄՆ-ի Գոնկ­րէ­սի ան­դամ­նե­րու գոր­ծուղղ­ման եւ զուար­ճա­լից ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ» խո­րագ­րեալ խմբագ­րա­կա­նին մէջ շեշ­տուած է, թէ այս հար­ցը ի­րենք ի­րենց պէտք է ուղ­ղեն տասն գոնկ­րէ­սա­կան­ներ եւ ա­նոնց անձ­նա­կազ­մի ե­րե­սու­ներ­կու աշ­խա­տա­կից­ներ, ո­րոնք ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն այ­ցե­լած են Ատր­պէյ­ճան։

«Բա­րո­յա­գի­տու­թեան գծով տե­սուչ­նե­րը յայտ­նա­բե­րած են, որ եր­կու տա­րի ա­ռաջ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու կող­մէ ամ­բող­ջու­թեամբ փոխ­հա­տու­ցուած դէ­պի Պա­քու ա­նոնց այ­ցը գաղտ­նի կեր­պով գան­ձատ­րուած էր Ատր­պէյ­ճա­նի նաւ­թի պե­տա­կան ըն­կե­րու­թեան կող­մէ։ Հա­ւա­նա­կան է՝ այս­պէ­սով խախ­տուած են Միացեալ Նահանգներու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան բա­րո­յա­գի­տու­թեան կա­նոն­նե­րը եւ դաշ­նակ­ցու­թեան օ­րէնք­նե­րը, ո­րոնք կ՚ար­գի­լեն ար­տա­սահ­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջամ­տու­թիւ­նը Միացեալ Նահանգներու  քա­ղա­քա­կա­նու­թեան», նշուած է յօ­դո­ւա­ծին մէջ։ Նոյն թեր­թը բա­րո­յա­գի­տու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վին ալ խոր­հուրդ կու տայ ա­ւե­լի ու­շա­դիր ստու­գել ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն­նե­րու ծրագ­րե­րը ու պար­զել, թէ ով­քե՛ր են ա­նոնց իս­կա­կան հո­վա­նա­ւոր­նե­րը։ Թեր­թը խիստ կա­րե­ւոր ո­րա­կած է Գոնկ­րէ­սի բա­րո­յա­գի­տու­թեան գծով վար­չու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ որ­պէս ան­կախ մար­մին։

Բա­ցի «The New York Times»էն, ա­մե­րի­կեան այլ լրա­տուա­մի­ջոց­ներ եւս ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հրա­պա­րա­կած են Ատր­պէյ­ճա­նի գու­մար­նե­րով Պա­քու մեկ­նած ա­մե­րի­կա­ցի գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու գոր­ծին շուրջ։ Ճամ­բոր­դա­կան ծախ­սե­րու գան­ձատր­ման ա­ռըն­թեր, ա­մե­րի­կա­ցի գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ըն­թաց­քին նուի­րա­տուու­թեան ձե­ւով ստա­ցած են տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր տո­լար­ներ եւ թան­կար­ժէք նուէր­ներ։

Իսկ օ­րէնս­դիր­նե­րը այս բո­լո­րին փո­խա­րէն յայ­տա­րա­րած են, որ տե­ղեակ չեն ե­ղած ի­րենց ու­ղե­ւո­րու­թեան մա­տա­կա­րար­ման աղ­բիւր­նե­րուն մա­սին։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015