ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ. «ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿՐՕՆԱ-ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԻՐ ԽՂՃԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՒԱՅԱՋՈՐԴԻ ԴԻՐՔԸ ԿԸ ՎԵՐԱԳՐԷ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ»

Հրա­ւի­րուած ըլ­լա­լով կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք իր խօս­քին բնա­գի­րը, զոր ան ո­րոշ յա­պա­ւում­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց՝ տե­ղա­ւո­րուե­լու հա­մար կլոր սե­ղա­նի ժամ­կէտ­նե­րուն մէջ։

*

Ու­րախ ենք ձե­զի խօսք ուղ­ղե­լու ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար՝ պատ­մա­կան այս եր­դի­քին տակ, պատ­կա­ռազ­դու այս մի­ջա­վայ­րին մէջ, ուր 2015-ին ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով այ­սօր մեր ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնուի հայ­կա­կան հար­ցը իր բա­զում ե­րե­սակ­նե­րով։ 1915-էն դար մը անց, հա­յե­րը երկ­րա­գուն­դի չորս ծա­գե­րուն այլ բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ կ՚ո­գե­կո­չեն ի­րենց նա­հա­տակ­նե­րը։ 100-րդ տա­րե­լի­ցը, խոր­քին մէջ, դար­ձած է ա­ռիթ մը՝ որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը յե­տա­դարձ հա­յեաց­քով նժա­րի վրայ դնէ ապրո­ւած­նե­րը, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նէ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը ու կեդ­րո­նա­նայ նոր ա­պա­գայ մը խրա­խու­սե­լու նպա­տա­կին վրայ, ա­ռանց ա­նու­շադ­րու­թեան մատ­նե­լու ան­ցեա­լի դա­սե­րը։

2015-ի խոր­հուր­դին հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ՝ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ վե­րո­յի­շեալ հա­շուեկ­շի­ռը, իսկ մեր այ­սօ­րո­ւան օ­րա­կարգն ալ կը հա­մընկ­նի նոյն ա­ռանց­քին հետ. Թուր­քիոյ մէջ ինչ­պէ՞ս վե­րա­դարձ­նել ար­դա­րու­թիւ­նը հա­յոց։ Այս եւ նման բնոյ­թով քննար­կում­նե­րու ամ­բող­ջին մէջ միշտ մաս­նա­ւոր նշա­նա­կու­թիւն կը վե­րագ­րուի Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քի մօ­տե­ցում­նե­րուն, ձայ­նին, ինչ որ կը բխի ա­նոր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դիր­քէն։ Մենք այ­սօր պա­տիւն ու­նինք ձե­զի դի­մե­լու՝ որ­պէս այդ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րէն մին։ Ձե­զի կը ներ­կա­յա­նանք իբ­րեւ գլխա­ւոր խմբա­գի­րը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի, որ ներ­կա­յիս թէ՛ Թուր­քիոյ եւ թէ հա­յաշ­խար­հի ա­մե­նա­հին օ­րա­թերթն է՝ ա­ռանց  ընդ­հա­տում­նե­րու հրա­տա­րա­կուե­լով 1908-էն ի վեր։ Այս հան­գա­ման­քը կը փա­փա­քինք յատ­կա­պէս ընդգ­ծել, ո­րով­հե­տեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Իս­թան­պու­լի մէջ կը գո­յա­տե­ւէ որ­պէս վե­րապ­րած օ­րա­թերթ։

Իր էու­թեամբ ու բնոյ­թով պայ­մա­նա­ւո­րուած պատ­ճառ­նե­րով՝ Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը միշտ կողմ­նա­կից է հայ-թրքա­կան ուղ­ղու­թեան վրայ երկ­խօ­սու­թեան, փո­խա­դարձ հաս­կա­ցու­թեան եւ իր այս ձգտման, ան­կեղծ սպա­սում­նե­րուն մէջ վա­ղուց կը գե­րա­դա­սէ ար­դա­րու­թեան սկզբուն­քը։ Ար­դա­րեւ, տաս­նա­մեակ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, որ միայն ար­դա­րու­թեան հի­ման վրայ կրնան եր­կա­րա­ժամ­կէտ ե­րաշ­խա­ւո­րուիլ, մշտա­կան բնոյթ ու­նե­նալ խա­ղա­ղու­թիւնն ու յա­րա­բե­րու­թեան մը կա­յուն եր­թը։ Ար­դա­րու­թիւ­նը բա­նա­լի մըն է հա­մա­տեղ ա­պա­գայ կա­ռու­ցե­լու ճա­նա­պար­հին, ո­րով­հե­տեւ մար­դիկ ի­րա­րու կրնան վստա­հիլ՝ ե­թէ կաս­կած չու­նին մէկզ­մէ­կու ար­դա­րու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րէն եւ դա­տո­ղու­թեան ար­դա­րու­թե­նէն։ Հե­տե­ւա­բար, ար­դա­րու­թեան ու վստա­հու­թեան գոր­ծօն­նե­րը զի­րար կը լրաց­նեն։

Ճիշդ է, որ Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը այ­սօր ու­նի շատ սահ­մա­նա­փակ նե­րուժ մը, չի կրնար ու­նե­նալ՝ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով ո­րո­շիչ գոր­ծօն մը ըլ­լա­լու յա­ւակ­նու­թիւ­նը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, հա­մայն­քը կը զգայ, կը գի­տակ­ցի, որ խորհր­դան­շա­կան ազ­դակ մըն է իր լի­նե­լու­թեամբ եւ սա ար­դէն ան­կախ է գոր­ծըն­թաց­նե­րուն վրայ նե­րազ­դե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն։ Ա­յո, խորհր­դան­շա­կան գոր­ծօն մըն է հա­մայն­քը եւ իր ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը այն է, որ կը գտնուի ար­դա­րու­թեան խնդրի կի­զա­կէ­տին վրայ։ Ա­ռանց հար­ցը ող­բեր­գու­թեան կամ գան­գա­տի վե­րա­ծե­լու՝ ան­կեղ­ծօ­րէն պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջին մէջ թրքա­հա­յե­րը կը հան­դի­սա­նան այն միակ խա­ւը, որ չու­նի իր իսկ ար­դա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու, ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը եւ ու­ժը։ Հա­մայն­քին ար­դա­րու­թիւ­նը կա­խում ու­նի միայն միւս խա­ւե­րու բա­րեա­ցա­կա­մու­թե­նէն։ Այլ խօս­քով, ա­նոր ար­դա­րու­թեան հա­մար առ­նուե­լիք քայ­լե­րը՝ բա­ցա­ռուած է, որ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նե­նան զի­ջում­նե­րու հար­ցին հետ եւ այս է պատ­ճա­ռը, որ հա­մայն­քը կը հա­մա­րուի ար­դա­րու­թեան հար­ցի կի­զա­կէ­տին։

Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը ու­նի նաեւ ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը։ Ան ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը հե­տե­ւի թէ՛ թրքա­կան եւ թէ հայ­կա­կան կող­մե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ուղ­ղա­կիօ­րէն տե­ղեակ է հո­սանք­նե­րուն ու խմո­րում­նե­րուն, ու­նի իր հո­տա­ռու­թիւ­նը զար­գա­ցում­նե­րու ըն­թաց­քը հնա­րա­ւո­րինս գու­շա­կե­լու եւ վեր­ջա­պէս դիր­քա­ւո­րուե­լու հա­մար՝ իր քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն եւ ար­մատ­նե­րէն բխած զգայ­նու­թիւն­նե­րուն հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մէջ։

2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ու­շադ­րու­թեամբ ու հե­տաքրք­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին կող­մե­րու որ­դեգ­րած ըն­թաց­քի ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րուն, թէեւ ա­նոնք յա­ճախ նկա­տե­լի չեն դառ­նար՝ քա­նի որ այդ նոյն կող­մե­րը չա­փա­զանց ան­հա­ղորդ են ի­րա­րու։ Այս­տեղ կ՚ու­զենք ո­րոշ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով ձեր նկա­տառ­ման յանձ­նել մեզ­մէ բուն ակն­կա­լուե­լի­քը եւ ա­ռա­ջին հեր­թին ձե­զի հետ բաժ­նել դի­տար­կում­ներ՝ Թուր­քիոյ մէջ գոր­ծող հայ լրագ­րո­ղի մը վկա­յու­թիւն­նե­րուն ձե­ւա­չա­փով։

Ար­դէն ընդ­հան­րա­ցած ու ծա­նօթ բա­նա­ձե­ւու­մով, այ­սօր կը ստեղ­ծուի նոր Թուր­քիա մը, ո­րու հիմ­նա­կան ստո­րո­գե­լի­նե­րէն մին այն է, որ հայ­կա­կան հար­ցը գրե­թէ դադ­րած է թա­պու մը ըլ­լա­լէ։ Այս ե­րե­ւոյ­թը, մաք­րօ մա­կար­դա­կի վրայ, պայ­մա­նա­ւո­րուած է հիմ­նա­կան քա­նի մը գոր­ծօն­նե­րով։ Այս ամ­բող­ջին մէջ կա­րե­լի է ա­ռանձ­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի ան­կախ Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րաս­տեղ­ծու­մը եւ Թուր­քիոյ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը՝ ի­րենց ա­պա­հո­ված խթա­նով, որ­պէս բազ­մա­պատ­կիչ գոր­ծօն։

Թուր­քիոյ մէջ վե­րջին տա­րի­նե­րուն հա­սա­րա­կա­կան հար­թու­թեան վրայ ան­բաղ­դա­տե­լիօ­րէն ա­ւե­լի մեծ ար­ձա­գանգ կ՚ու­նե­նան հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ այ­լընտ­րան­քա­յին մօ­տե­ցում­նե­րը, 1915-ի դէպ­քե­րուն որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բնո­րո­շու­մով հան­դերձ։ Թէեւ երկ­րի հրա­տապ հար­ցե­րու շար­քին ա­ռա­ջին հո­րի­զո­նա­կան­նե­րուն վրայ չի թուար­կուիր այս նիւ­թը, սա­կայն հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ է՝ ա­մե­նաընդգր­կուն ի­մաս­տով։ Հա­սա­րա­կու­թեան ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, ճիշդ է, որ հա­կուած է պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէտ­նե­րուն, սա­կայն շատ ա­ւե­լի հան­դուր­ժող դար­ձած է նաեւ այ­լընտ­րանք­նե­րը լսե­լու, հա­կա­փաս­տարկ­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լու եւ ա­նոնց դի­մաց չտագ­նա­պե­լու, պոռթ­կում­ներ չու­նե­նա­լու ա­ռու­մով։

Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը յայտ­նեն, որ երկ­րին մէջ մար­դիկ կրնան ապ­րուած­նե­րը ո­րա­կել, ըստ ի­րենց նա­խընտ­րու­թեան եւ ա­զատ հա­մո­զում­նե­րուն։ Վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին սկսած է նաեւ ցա­ւակ­ցա­կան պատ­գամ­ներ հրա­պա­րա­կել Ապ­րի­լի 24-ին, երբ այդ թուա­կա­նը մինչ այդ կը հա­մա­րուէր ըն­թա­ցիկ։ Իս­թան­պու­լի եւ երկ­րի այլ զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ կը կազ­մա­կեր­պուին ո­գե­կո­չում­ներ։

Յստա­կօ­րէն կը բարձ­րա­ձայ­նուի հա­յոց պատ­մա­կան ստուար ներ­կա­յու­թիւ­նը երկ­րի ամ­բողջ գա­ւառ­նե­րուն մէջ, ո­րոնք տա­կա­ւին դար մը ա­ռաջ հա­յաբ­նակ էին կա­րե­ւոր չա­փով, ինչ որ կ՚ու­րա­ցուէր մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը՝ ա­նոնց կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծուած ա­մէն ին­չով հան­դերձ։ Այդ պատ­մա­կան գո­յու­թեան փաս­տին ընդգ­ծու­մը կը պայ­մա­նա­ւո­րէ նաեւ պե­տու­թեան վե­րա­բեր­մուն­քը հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան նկատ­մամբ եւ այս ծի­րէն ներս է, որ վե­րա­նո­րո­գուած է Աղ­թա­մա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղե­ցին, Վան, թան­գա­րա­նի կար­գա­վի­ճա­կով։

Հայ հա­մայնքն ալ, այս մթնո­լոր­տին մէջ, շատ ա­ւե­լի տար­բեր հո­գե­բա­նու­թիւ­նով մը կը նոյ­նա­նայ իր նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին հետ եւ շատ ա­ւե­լի տար­բեր հո­գե­վի­ճա­կով մը կը դի­մագ­րա­ւէ իր կո­րուստ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ յի­շո­ղու­թիւ­նը։

Այ­սօր Թուր­քիոյ մէջ, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը դի­տար­կուի տար­բեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րով։ Ինչ­պէս որ ար­դա­րու­թեան կա­րե­լի չէ հաս­նիլ լոկ ի­րա­ւա­կան ճա­նա­պար­հով, այն­պէս ալ այս հար­ցը ան­կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել՝ աշ­խա­տե­լով միակ ա­ռանց­քի մը շուրջ։ Ար­դա­րու­թեան ա­ռու­մով ի­րա­ւա­կան ո­րե­ւէ եզ­րա­կա­ցու­թիւն վերջ­նա­կան հա­մոզ­ման չի կրնար վե­րա­ծուիլ, ե­թէ չի տե­ղա­ւո­րուիր խղճի սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին մէջ եւս էա­կան դեր ու­նի խղճի գոր­ծօ­նը։ Բնա­կա­նա­բար եւ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, այս պա­րա­գա­յին նոյն խաչ­մե­րու­կին վրայ են խղճի դրսե­ւո­րումն ու քա­ղա­քա­կան շա­հա­պաշ­տու­թիւ­նը։

Ի­րա­ւա­կան, նաեւ քա­ղա­քա­կան գետ­նի յա­մա­ռու­թիւ­նը ցարդ բա­ւա­րար չէ ե­ղած՝ որ­պէս­զի կող­մե­րը կա­րե­նան ընդ­հա­նուր յայ­տա­րար մը գտնել ապ­րուած­նե­րը ո­րա­կե­լու ի­մաս­տով։ Բայց, ա­հա­ւա­սիկ, հար­ցը չի սահ­մա­նա­փա­կուիր այս­քա­նով։ Խղճի գոր­ծօ­նը կը սկսի բա­նիլ, մար­դիկ հետզ­հե­տէ կը հա­մո­զուին, թէ ի­րա­ւա­կա­նէն ու քա­ղա­քա­կա­նէն ան­դին՝ մարդ­կա­յին ան­հա­մե­մա­տե­լի խո­րու­թիւն մը ու­նի այս հար­ցը։ Նոյն հի­ման վրայ հնա­րա­ւոր կը դառ­նայ խօ­սիլ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին՝ նա­խընտ­րե­լով ապ­րուած­նե­րը բնո­րո­շել մարդ­կու­թեան հա­ւա­քա­կան մտքին հա­սած ա­մե­նաընդգր­կուն ի­մաս­տով, հա­մա­պա­տաս­խան բա­ռա­պա­շա­րով, նաեւ խղճի պարտք հա­մա­րե­լով ի­րե­րու ի­րենց ա­նու­նով կո­չուի­լը։ Գաղտ­նիք մը չէ, որ հայ­կա­կան կող­մին ար­ժե­ւո­րու­մով այս բո­լո­րը կը մնան ան­բա­ւա­րար, սա­կայն Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը հա­կուած չէ ստո­րագ­նա­հա­տե­լու, ան­տե­սե­լու զա­նոնք։

Ար­դա­րեւ, այս­տեղ կ՚անդ­րա­դառ­նանք լոկ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ջան­քե­րով ձեռք բե­րուած ար­դիւնք­նե­րուն, ո­րոնց նկատ­մամբ գնա­հա­տա­կա­նը պէտք է ըլ­լայ ի­րա­տես ու զերծ ամ­բո­խա­վա­րու­թե­նէ։ Այս բո­լո­րը ան­շուշտ թէ ող­ջու­նե­լի են, սա­կայն դժբախ­տա­բար դա­տա­պար­տուած՝ մնա­լու սահ­մա­նա­փակ։ Ա­նոնք չեն կրնար բե­կում­նա­յին պահ մը ա­պա­հո­վել՝ փո­խա­րի­նե­լով պե­տա­կան մա­կար­դա­կի շփում­նե­րը։ Ա­ւե­լի մեծ ար­դիւնք­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, պէտք է համ­բե­րել մին­չեւ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը՝ բո­լոր հե­ռան­կար­նե­րով հան­դերձ։

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թուր­քիոյ մէջ թա­պու ըլ­լա­լէ դադ­րե­լու այս գոր­ծըն­թա­ցը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, հա­մընկ­նե­ցաւ երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն են­թար­կուած խտրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն յաղ­թա­հար­ման հետ։ Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­տա­րե­լա­գործ­ման ընդ­հա­նուր հո­սան­քին մէջ, հայ հա­մայնքն ալ ապ­րե­ցաւ շօ­շա­փե­լի փո­փո­խու­թիւն­ներ՝ ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լով կա­ռա­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան կամ­քին։ Եր­կար տա­րի­ներ վերջ հա­մայն­քը ու­նե­ցաւ գործ­նա­կան, ան­հեր­քե­լի պատ­ճառ­ներ՝ ամ­րապն­դուե­լու հա­մար այն վստա­հու­թեան մէջ, թէ պե­տու­թեան կող­մէ ե­րաշ­խա­ւո­րուած են իր ի­րա­ւունք­նե­րը։

Թուար­կենք քա­նի մը յատ­կան­շա­կան օ­րի­նակ։ Եր­կար ժա­մա­նակ պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կը պղտոր մնա­ցած հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն պա­րա­գա­յին վե­րա­սահ­մա­նուե­ցաւ ի­րա­ւա­բա­նա­կան ան­ձի ի­րա­ւուն­քը։ Վա­գըֆ­նե­րու օ­րէն­քին մէջ կա­տա­րուած փո­փո­խու­թիւն­նե­րով լու­ծուե­ցան հա­մայն­քա­պատ­կան բազ­մա­թիւ կա­լուած­նե­րու հար­ցե­րը։ Հա­մայն­քը, որ իր ծո­ցին մէջ կը պա­հէ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ցանց մը, եր­կար ժա­մա­նակ զրկուած էր իր կա­լուած­նե­րուն հա­սոյ­թը ամ­բող­ջու­թեամբ կրթա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար հու­նա­ւո­րե­լու կա­րե­լիու­թե­նէն։ Իսկ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն վե­րա­դար­ձուե­ցան կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը կամ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռուե­ցաւ՝ որ­պէս­զի շի­նա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րուին հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուած­նե­րուն վրայ, ինչ որ նոր հո­րի­զոն­ներ կ՚ու­րուագ­ծէ՝ հա­մայն­քա­յին կեան­քը կեն­սու­նակ պա­հե­լու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­պա­գան ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու եւ այժ­մու դա­րուն քայլ յար­մարց­նե­լու ա­ռու­մով։ Պե­տու­թիւ­նը սկսած է օ­ժան­դա­կել կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, իսկ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րը կ՚ա­ջակ­ցին զա­նա­զան բա­րեն­պա­տակ կա­ռոյց­նե­րու։

Այս բո­լոր բա­րե­փո­խում­նե­րը կա­տա­րուած են մեր օ­րե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար, երկ­րի միւս ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ։ Ցարդ ար­ձա­նագ­րուած ար­դիւնք­նե­րու լոյ­սին տակ, հիմ­քեր կան լա­ւա­տես ըլ­լա­լու հա­մար հա­մայն­քի մնա­ցեալ խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դին մօտ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը, ընտ­րուած ա­նոնց իսկ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց կող­մէ եւ ներ­կայ շրջա­նին այդ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը հայ հա­մայն­քէն դէմք մըն է։ Բո­լո­րո­վին վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին, Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղով մուտք գոր­ծե­լու ի­րա­ւունք շա­հած են հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով ե­րեք քա­ղա­քա­ցի­ներ, ո­րոնք տաս­նա­մեակ­ներ վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ ընտ­րուած են ե­րես­փո­խան։ Հա­մայն­քը շատ ա­ւե­լի յու­սադ­րուած է՝ Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի սահ­ման­ման հար­ցէն սկսեալ, մին­չեւ վար­ժա­րան­նե­րու խնդիր­նե­րուն լու­ծու­մը, այս գոր­ծըն­թա­ցի տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը տես­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ան­համ­բեր սպա­սու­մը կը շա­րու­նա­կուի նաեւ լրագ­րող Հրանդ Տին­քի դէմ կա­տա­րուած ոճ­րա­գոր­ծու­թեան վերջ­նա­կան բա­ցա­յայտ­ման հա­մար։

Թուր­քիոյ մէջ հա­յոց ար­դա­րու­թիւն վե­րա­դարձ­նե­լու հար­ցին շուրջ միտք յոգ­նեց­նե­լու ժա­մա­նակ պէտք է հա­շուի առ­նենք, թէ երկ­րի հայ հա­մայն­քը ու­րոյն փոր­ձա­քար մըն է՝ իր այդ նոյն խորհր­դան­շա­կան հան­գա­ման­քին բե­րու­մով։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ա­նոր ա­ծան­ցուած խնդիր­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը այ­սօր հան­դէս կու գայ բազ­մա­թիւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ Մէկ կող­մէ հար­ցին խոր­ու­թիւնն ու վա­ղե­մու­թիւ­նը, միւս կող­մէ հետզ­հե­տէ բարձ­րա­ձայ­նուող հա­տուց­ման պա­հանջ­նե­րը՝ պատ­ճառ կը դառ­նան, որ Ան­գա­րա նուրբ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ հա­շուի առ­նե­լով յա­ռաջ տա­նի իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Թուր­քիոյ քայ­լե­րը թի­րա­խա­ւո­րուած են դէ­պի երկ­րէն ներս ու երկ­րէն դուրս։ Դէ­պի դուրս ուղ­ղեալ քայ­լե­րուն հիմ­նա­կան հաս­ցէն է Ե­րե­ւա­նը։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցի կար­գա­ւոր­ման խոս­տա­ցած բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան տա­կա­ւին չու­նին բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ ե­թէ աշ­խար­հագ­րա­կան ա­ռու­մով չյա­ռա­ջա­նան գե­րակ­շիռ ի­րա­վի­ճակ­ներ, ա­պա դժուար թէ տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին ա­նոնք յա­ջո­ղին բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տել։ Թէեւ ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ Թուր­քիոյ հա­յե­րը բա­րիդ­րա­ցիա­կան մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ու­նին ան­կեղծ մաղ­թանք­ներ, ո­րով­հե­տեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ե­թէ կլի­ման փո­խուի, ա­պա ան կրնայ դառ­նալ ե­զա­կի կա­մուրջ մը, իսկ առ­կայ պայ­ման­նե­րով բա­ցար­ձա­կա­պէս կրա­ւո­րա­կան վի­ճա­կի մը մատ­նուած է ա­կա­մայ։

Յա­մե­նայն­դէպս, բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը չի կրնար փո­խել այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ որ­պէս պե­տա­կան միա­ւոր՝ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ այս հար­ցին ի­րա­ւա­յա­ջոր­դը, ժա­ռան­գոր­դը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնն է։ Ա­ւե­լի՛ն, ակն­յայտ է, որ Ե­րե­ւան այս ա­ռանց­քին շուրջ կը գոր­ծէ հա­մադ­րե­լով հայ­կա­կան աշ­խար­հի բո­լոր խա­ւե­րուն ձգտում­նե­րը, իր շուրջ կը ստեղ­ծէ ա­ռա­ւե­լա­գոյն հա­մախմ­բում, ո­րու վառ օ­րի­նակ­նե­րէն մին էր տա­րես­կիզ­բի Հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րը։ Հաշ­տու­թեան ջա­տա­գով­նե­րուն սպա­սու­մը այն է, որ ուշ կամ կա­նուխ, Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան օր մը պի­տի գտնեն ար­դար ու նպա­տա­կաս­լաց ճա­նա­պարհ մը՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար։

Գա­լով երկ­րէն ներս ուղ­ղեալ քայ­լե­րուն, ո­րոնց պա­րա­գա­յին ա­ռաջ­նա­հերթ հաս­ցէա­տէ­րը կը հա­մա­րուի հայ հա­մայն­քը։ Երկ­րի լիար­ժէք քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը մէկ կողմ, հա­մայն­քը Թուր­քիոյ մէջ բնա­կան ժա­ռան­գը կը նկա­տուի ա­րեւմ­տա­հա­յոց մնա­ցոր­դա­ցին։ Այս ճշմար­տու­թեան վրայ չի կրնար ազ­դել այն վի­ճա­կը, թէ ժա­ռան­գու­թիւ­նը իս­կա­պէս վիթ­խա­րի է, իսկ հա­մայն­քին թի­ւը փոքր։ Այդ ժա­ռան­գու­թեան նկատ­մամբ պա­տաս­խա­նա­տու ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը, ա­նոր վե­րաար­ժե­ւոր­ման պար­գե­ւած ներշն­չու­մը, այդ հետ­քե­րուն յի­շո­ղու­թեան վրայ գոր­ծած ազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ այ­սօր բա­րո­յա­կան մեծ ազ­դակ­ներ են հայ հա­մայն­քին հա­մար։

Թուր­քիոյ կող­մէ այս ա­ռանց­քին շուրջ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կա­տա­րուի­լը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի դիւ­րին է, ո­րով­հե­տեւ այս ո­լոր­տը զերծ է ար­տա­քին ճնշում­նե­րէ կամ հե­ռու՝ օ­տար­նե­րու պար­տադ­րան­քի տպա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­լու ռիս­քե­րէ։ Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը յար­գան­քով կը վե­րա­բե­րի կող­մե­րու ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան վե­րա­բե­րեալ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն վե­րա­պահ է ա­ռա­ւե­լա­պաշտ­նե­րու հան­դէպ, ո­րոնց մօ­տե­ցում­նե­րը հար­ցը կը տա­նին ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան բար­դու­թիւն­նե­րու եզ­րին։

Թուր­քիոյ փո­փո­խեալ կլի­ման մէկ կող­մէ գե­տին պատ­րաս­տած է հայ հա­մայն­քին ուղ­ղեալ բա­րե­փո­խում­նե­րուն, իսկ միւս կող­մէ ալ եր­բեմ­նի հա­յաբ­նակ գա­ւառ­նե­րու կրօ­նա­ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը հա­սա­նե­լի դար­ձու­ցած՝ ամ­բողջ հա­յու­թեան։ Այս ծի­րին մէջ հա­յոց Սփիւռ­քէն բա­զում ան­հատ­ներ կամ խում­բեր կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն այ­ցե­լու­թիւն­ներ, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­ներ։ Իս­թան­պու­լի մէջ հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րը, վե­րա­դար­ձուած ի­րա­ւունք­նե­րը կը ստեղ­ծեն հե­տաքրք­րա­կան ար­ձա­գանգ։ Ա­նոնք կար­ծես այն­պի­սի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծած են, որ սփիւռ­քեան զա­նա­զան շրջա­նակ­ներ հա­կուած ըլ­լալ կը թուին՝ ի­րենց հա­տուց­ման պա­հանջ­ներն ալ նոյն ծի­րին մէջ հե­տապն­դե­լու։ Այս դի­տար­կու­մը թէեւ կրնայ ըն­կա­լուիլ են­թա­կա­յա­կան, սա­կայն կ՚ար­ժէ հա­շուի առ­նել շա­րու­նա­կուող գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մի­ջեւ հա­կա­սու­թիւն­ներ չյա­ռա­ջաց­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Հայ հա­մայն­քը կրօ­նա­ճար­տա­րա­պա­տե­կան ժա­ռան­գու­թեան պա­րա­գա­յին իր խղճին մէջ ի­րա­ւա­յա­ջոր­դի դիր­քը կը վե­րագ­րէ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին, որ հո­գե­ւոր սերտ կա­պեր ու­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հետ, հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ ա­նոր եւ շի­նիչ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ է նաեւ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ միւս նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րուն հետ։ Սփիւռ­քեան մա­մուլն ալ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով կ՚ընդգ­ծէ Պատ­րիար­քա­րա­նի այս դիր­քը։ Հա­մայն­քը կը հա­ւա­տայ, որ ա­ղէ­տէն վերջ ժա­ռան­գուա­ծը կը պար­տի հո­վա­նա­ւո­րու­թեա­նը Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին, որ միշտ իր խնամ­քին ա­ռար­կայ կը պա­հէ այդ բո­լո­րը։ Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ան ի գործ դրած է իր ամ­բողջ հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, որ­պէս­զի այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ ներշնչ­ման աղ­բիւր ըլ­լալ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ու նոյն գծին վրայ կը մնայ այ­սօր։ Այս մար­զին մէջ Պատ­րիար­քա­րա­նը ու­նի նաեւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ գործ­նա­կան եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով աշ­խա­տե­լու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։

Ամ­փո­փե­լով նշենք, թէ վե­րո­յի­շեալ բո­լոր գոր­ծօն­նե­րուն լոյ­սին տակ, Թուր­քիոյ մէջ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ ար­դա­րու­թեան ո­րո­նում­նե­րը կա­խում ու­նին Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մէն։ Տեղ­ւոյն հա­մայն­քին ծի­րէն դուրս ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու ի­րա­կանց­ման հա­մար սա կը թուի ըլ­լալ հիմ­նա­կան նա­խա­պայ­մա­ն մը։ Կա­րե­ւոր ըլ­լա­լով հան­դերձ, մնա­ցեալ ա­ռանցք­նե­րը մաս­նա­կի են ի­րենց էու­թեամբ։ Վեր­ջին շուրջ քսա­նհինգ տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ ցոյց տուած է, որ միջ­պե­տա­կան հար­թու­թե­նէն դուրս առ­նուած քայ­լե­րը թէեւ կրնան ու­նե­նալ դրա­կան, յու­սադ­րիչ ար­դիւնք­ներ, սա­կայն ի վի­ճա­կի չեն ազ­դե­լու պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Այ­լա­պէս, ե­թէ պե­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ սկսի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը, ա­պա միւս բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­ներն ալ կրնան վե­րելք ապ­րիլ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն եւ ան­բաղ­դա­տե­լիօ­րէն։ Այս ա­ռաջ­նա­հերթ հար­թու­թե­նէն շե­ղու­մը կրնայ նաեւ ծնունդ տալ հար­ցե­րու՝ ե­րաշ­խա­ւո­րեալ գոր­ծըն­թաց մը յա­ռաջ տա­նե­լու ա­ռու­մով։ Ո­րով­հե­տեւ, պե­տու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս կրնան ի­մաս­տա­ւո­րուիլ փո­խա­դար­ձու­թեան մէջ։ Հե­տե­ւա­բար, առ­կայ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, պէտք է շա­րու­նա­կել ե­ռան­դով աշ­խա­տիլ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման հա­մար։ Այս ամ­բող­ջին մէջ հայ­կա­կան կող­մի ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը կրնան բազ­մա­պատ­կուիլ ե­թէ հա­յոց Սփիւռ­քը իր ամ­բողջ նե­րու­ժը հա­մախմ­բէ Հա­յաս­տա­նի հետ եւ այդ պա­րա­գա­յին Սփիւռքն ալ իս­կա­կան ձեռք­բե­րում­նե­րով կրնայ դուրս գալ այս համ­բե­րա­տար գոր­ծըն­թա­ցէն։ Լրագ­րո­ղի աչ­քով՝ մե­զի հա­մար հար­ցա­կա­նի տակ է տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը սփիւռ­քեան կարգ մը շրջա­նակ­նե­րէն հնչած մօ­տե­ցում­նե­րուն, ըստ ո­րոնց պէտք է արթն­նալ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ե­րա­զէն։ Սա դժուար է բա­ցատ­րել հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տե­սան­կիւ­նէն՝ մա­նա­ւանդ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րով բիւ­րե­ղա­ցած հրա­մա­յա­կան­նե­րուն պրիս­մա­կէն։ Կարճ խօս­քով, մաս­նա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը չեն կրնար ըլ­լալ հա­մա­չափ։ 

 

 

 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015