ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ

Պել­ժիոյ Վար­չա­պետ Շարլ Մի­շէլ իր երկ­րի խորհր­դա­րա­նին մէջ 1915-ին վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած էր, թէ կա­տա­րուա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մըն է։ Ինչ­պէս այլ պա­րա­գա­նե­րուն, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը չու­շա­ցուց իր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կե­լով իր ժխտո­ղա­կա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Ըստ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, Պել­ժիոյ վար­չա­պե­տին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը հա­մա­հունչ չէ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան եւ կ՚ոտ­նա­կո­խէ ի­րա­ւուն­քը։ «Ա­նըն­դու­նե­լի եւ ան­նե­րե­լի է Պել­ժիոյ վար­չա­պե­տին սահ­ման­նե­րը զան­ցե­լով ո­րո­շում տալ փոր­ձե­լը նիւ­թի մը շուրջ, ո­րու մա­սին ի­րա­ւա­սու մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րան մը վճիռ չէ ար­ձա­կած եւ այդ մա­սին դեռ ա­կա­դե­մա­կան հա­մամ­տու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի», շնուած է նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ Ան­գա­րա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մե­ղադ­րած են նաեւ Պել­ժիան՝ նշե­լով, թէ այդ եր­կի­րը տա­կա­ւին չէ ա­ռե­րե­սուած իր պատ­մու­թեան սեւ է­ջե­րուն հետ։ Յայ­տա­րա­րու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան նշուած է, որ այս դիր­քո­րո­շու­մը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի վնա­սէ Պել­ժիոյ հետ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015