ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՎԱՀԿԱ ԲԵՐԴԸ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ

Ա­տա­նա­յի մէջ վե­րա­նո­րո­գու­թեան վեր­ջին հանգ­րուա­նին հա­սած է Վահ­կա­յի բերդն ու ե­կե­ղե­ցին։ Յայտ­նի կը դառ­նայ, որ այս տա­րուան ա­ւար­տին մօտ ար­դէն վեր­ջա­ցած պի­տի ըլ­լան Կի­լի­կիոյ հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան խորհրդան­շան­նե­րէն մին հան­դի­սա­ցող հռչա­կա­ւոր այս բեր­դին վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը, որ կը շա­րու­նա­կուի եր­կու տա­րիէ ի վեր։ Տեղ­ւոյն գիւ­ղա­պե­տը՝ Հա­սան Կե­զէր յայտ­նեց, թէ վե­րա­նո­րո­գու­թեան ա­ւար­տէն ետք զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հա­մար նա­խընտ­րե­լի հաս­ցէ մը պի­տի դառ­նայ ի­րենց բնա­կա­վայ­րը։ «Վեր­ջին շրջա­նին տե­ղա­ցի եւ օ­տար բազ­մա­թիւ զբօ­սաշրջիկ­ներ կ՚այ­ցե­լեն մեր թա­ղը՝ տես­նե­լու հա­մար բերդն ու ե­կե­ղե­ցին», նշեց ան։

Վահ­կա­յի  վե­րա­նո­րո­գու­թե­նէն պա­տաս­խա­նա­տու հնա­գէտ Ա­տէմ Եըլ­տըզ ընդգ­ծեց, թէ կա­ռոյ­ցը մաս կազ­մած է Կի­լի­կեան հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան։ Ան ը­սաւ, որ հա­զա­րա­կան թուա­կան­նե­րէն մին­չեւ վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեա­կը ան ե­ղած է բնա­կա­վայր մը։ «Երկ­յար­կա­նի կա­ռոյ­ցը, վե­րա­նո­րո­գու­թե­նէն ետք պի­տի բա­ցուի այ­ցե­լու­թեան։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին բեր­դի մօ­տա­կայ­քին գտնուող տասն­չոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ բաղ­կա­ցող հա­մա­լի­րէն ներս։ Վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­ներ պի­տի կա­տա­րուին նաեւ Լե­ւոնկ­լա­յի, Թում­լուի բեր­դի, Ա­նա­ւար­զա­յի եւ Սի­սի բեր­դի մէջ։ Վահ­կա­յի բեր­դը կա­րե­ւոր կէտ մըն է։ Իր բնակ­չու­թեամբ եւ պատ­մու­թեամբ շատ տպա­ւո­րիչ եւ գե­ղե­ցիկ կա­ռոյց մըն է։ Ու­նի խիստ հե­տաքրք­րա­շարժ քա­րէ աշ­խա­տանք։ Որ­պէս ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց կա­ռուց­ման ըն­թաց­քին գոր­ծա­ծուած են ան­հա­ւա­տա­լի մի­ջոց­ներ», նշեց հնա­գէտ Եըլ­տըզ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015