ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ
«Կիւմրիի ընկերներ» հիմնադրամի նախաձեռնությամբ, Կիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ համատեղ ծրագրով հանդէս եկած են յայտնի թաւջութակահար Ֆելիքս Սիմոնեանն ու Ազգային քամերային նուագախումբը: «Տեսանելիէն վեր» համերգային ծրագիրը բարեգործական էր՝ մուտքը ազատ բոլորին համար:
Ծրագիրը բազմակողմանի էր։ Առաջին բաժնին ընթացքին հնչած է օտար դասականներու՝ Մարէի, Քասադոյի, Չայքովսքիի եւ Ռեսփիկիի ստեղծագործութիւնները, իսկ երկրորդ բաժնին մէջ՝ Ֆելիքս Սիմոնեանի ստեղծագործութիւնները: Միջազգային տարբեր բեմերու վրայ հանդէս եկած թաւջութակահարը աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը բնակի Ֆրանսայի մէջ, բայց իր հայրենիքին մէջ ելոյթ ունենալը շատ յուզիչ ու պատասխանատու կը համարէ:
Կիւմրիի մէջ «Տեսանելիէն վեր» համերգային ծրագիրը առաջինն էր, բայց ինչպէս «Արմէնփրէս» գործակալութեան տեղեկացուցած է Ազգային քամերային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխավոր խմբավար Վահան Մարտիրոսեան, վերջինը չէ՝ նոյն համերգային ծրագիրը պիտի ներկայացուի նաեւ Երեւանի մէջ:
«Թէեւ սա յայտնի թավջութակահարի հետ համատեղ առաջին ծրագիրն է, բայց, եթէ կարելի ըլլայ, հնարաւոր է նոր ծրագրերով հանդէս գանք: Ուրախառիթ է նաեւ, որ այս նախագծի շրջանակներէն ներս Ֆելիքս Սիմոնեան հանդէս կու գայ ոչ միայն որպէս թաւջութակահար, այլ նաեւ՝ որպէս յօրինող: Ան իր ստեղծագործութիւններու մէկ մասը առաջին անգամ ներկայացուց: Յոյսով եմ, ապագային եւս հնարաւորութիւն կ՚ունենաք Ֆելիքս Սիմոնեանի հետ համատեղ ծրագրով ելոյթ ունենալու: Ուրախ եմ, որ երկար տարիներու բացակայութենէն յետո, Ֆելիքս Սիմոնեան կրկին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի մէջ», նշած է Վահան Մարտիրոսեան:
Այս երաժշտական երեկոյին ներկայ եղած են «Կիւմրիի ընկերներ» հիմնա-դըրամի համահիմնադիրներ՝ Կիւմրիի մօտ Իտալիոյ պատուոյ հիւպատոս Անթոնիօ Մոնթալթօ եւ «Կիւմրիի ընկերներ» հիմնադրամի խորհուրդի անդամ, ֆրանսական «Ֆինեքօ» ճարտարապետական կազմակերպութեան հիմնադիր Մանուէլ Փամուքճեան։ Անոնք նշած են, որ ապակեդրոնացման այս քայլը միակը պիտի չըլլայ՝ յառաջիկային պիտի կազմակերպուին միջազգային ծանօթ աստղերու համերգային ծրագրեր՝ նախ Կիւմրիի, ապա Երեւանի մէջ։