ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԶՈՀ

Հա­լէ­պի կարգ մը շրջան­ներ շա­բա­թա­վեր­ջին դար­ձեալ են­թար­կուե­ցան հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րու։ Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի շէն­քին հրթի­ռա­կոծ­ման հե­տե­ւան­քով զոհուե­ցան եր­կու հա­յեր՝ Կա­րօ Մկրտի­չեան եւ Հա­յաս­տա­նեայց Կեան­քի խօսք ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քեալ Եդուարդ Պետ­րո­սեան։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Գան­ձա­սար»ի դի­մա­տետ­րի է­ջը։

Հրթիռ մը ին­կած է նաեւ Ա­զի­զիէի Մար Ճըր­ճոս ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015