ՓԱՍՏԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋ
Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի վերադարձման պահանջով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին՝ համընկնելով 2015-ի ոգեկոչումներու մթնոլորտին հետ։ Անթիլիասի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն կամ ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ զանազան գետիններու վրայ ճառեր կը խօսի՝ միջազգային հնչողութիւն ապահովելու համար այս դատական նախաձեռնութեան, որ ներկայիս առարկայ է հայկական հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան։ Ան այս կապակցութեամբ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ շաբաթավերջին (Ուրբաթ, 19 Յունիս) Փարիզի մէջ, ուր կը գտնուէր կարճատեւ այցելութեամբ։
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի յարկէն ներս, «Քոլպէր» դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որ ըստ էութեան համախմբեց ֆրանսահայ համայնքէն դէմքեր ու խումբ մը հետաքրքիրներ։ Այս դահլիճը վերապահուած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մօտ մեծամասնութեան տէր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստերուն համար։ Պուրպոնեան պալատի սոյն ժողովասրահը այս շրջանին կ՚օգտագործուի ընկերվարականներուն կողմէ, քանի որ անոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մօտ։ «Թուրքիոյ մէջ ինչպէ՞ս հայոց վերադարձնել արդարութիւնը» խորագրեալ հաւաքոյթը կազմակերպուած էր կլոր սեղանի ձեւաչափով, Հայ դատի Ֆրանսայի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս եղաւ պատուոյ հիւրը այս ձեռնարկին, որուն ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լէօրու։ Մասնակիցներու շարքին էին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, նախկին թեմակալ առաջնորդ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպանութենէն Վահագն Աթաբէկեան, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) համանախագահներ՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ֆրանսայի մասնաճիւղէն պատասխանատուներ, ֆրանսահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ այլ դէմքեր։
Հաւաքոյթի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պրունօ Լէօրու, որ անցեալ Ապրիլի 24-ին Երեւանի մէջ գտնուած էր՝ մաս կազմելով Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի կողմէ գլխաւորուած ոգեկոչումներուն մասնակից պատուիրակութեան։ Ապա ծաւալուն ելոյթ մը ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Կիլիկեան Աթոռի դատական նախաձեռնութեան եւ անոր ածանցուած հանգամանքներուն։ Ան ելոյթէն անմիջապէս վերջ հրաժեշտ առաւ դահլիճէն եւ յայտարարուեցաւ, թէ պիտի անցնէր առողջական քննութենէ մը։
Այս փուլէն վերջ սկսաւ ասուլիսը, զոր վարեց լրագրող-հրապարակագիր Կիյոմ Փերիէ, որ մօտաւոր անցեալին միջոց մը գտնուած է Թուրքիոյ մէջ ու հեղինակած՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ գիրք մը։ Նիստին ատենախօսներն էին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, ֆրանսահայ մտաւորական ու հասարակական գործիչ Գեղամ Գեւոնեան եւ Հայ դատի Ֆրանսայի գրասենեակի ղեկավար Յարութ Մարտիրոսեան։ Զեկուցումներու աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ հարցում-պատասխանի բաժին մը եւ այսպէսով օրուան նիւթը լուսարձակի տակ առնուած եղաւ իր ամբողջութեան մէջ, բազում երեսակներով։ Թէ՛ իրադրութեան դիտարկման եւ թէ պահանջներու ներկայացման առումով համապարփակ քննարկում մը ծաւալուած եղաւ Փարիզի մէջ, այդ բոլոր համապատասխան բանաձեւումներով հանդերձ։ Հուսկ, ամփոփիչ խօսքով մը հանդէս եկաւ Մուրատ Փափազեան, որու ելոյթով ալ եզրափակուեցաւ ձեռնարկը։
Միւս կողմէ, այս հաւաքոյթէն առաջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Սեղանի շուրջ, անմիջական մթնոլորտի մէջ, Նորին Սրբութեան կողմէ փոխանցուած կարգ մը հանգամանքներ աւելի վերջ կլոր սեղանի ընթացքին հրապարակուեցան Յարութ Մարտիրոսեանի կողմէ, երբ ան արդէն հրաժեշտ առած էր դահլիճէն։ Այդ մանրամասնութիւնները հետաքրքրական էին առաջին հերթին այն տեսանկիւնէն, թէ Թուրքիա ցարդ հրապարակաւ պաշտօնապէս չէ արձագանգած Անթիլիասի կողմէ կատար-ւած դատական դիմումին՝ Սահմանադրական ատեանին մօտ։ Ըստ Յարութ Մարտիրոսեանի կողմէ փոխանցուած խօսքերուն, Արամ Ա. Կաթողիկոսին պահանջ ներկայացուած է Սահմանադրական ատեանին կողմէ՝ որպէսզի ան ապացուցանէ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն է եւ Սիսի երբեմնի տարածքը (որու սեփականութեան իրաւունքին վերադարձուիլը կը պահանջուի ներկայիս) պատկանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Հետաքրքրական էր, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս Փարիզի ելոյթին մէջ ինքն իսկ չխօսեցաւ այս կապակցութեամբ եւ յիշեալ նորութիւնը յայտարարուեցաւ իր մեկնումէն վերջ կամ իր բացակայութեամբ։