1915-Ի ՄԱՍԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ
Թուրքիոյ մէջ կը նկարահանուի Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով առաջին շարժանկարը։ «Քարաքետի ֆիլմ» ընկերութեան կողմէ պատրաստուող ժապաւէնին բեմադրիչներն են Առէն Փերտէճի եւ Էլա Ալեամաչ։ Իր նիւթով Թուրքիոյ մէջ առաջինը պիտի հանդիսանայ այս ժապաւէնը, որ կը կրէ «Կորսուած թռչուններ» խորագիրը։ Ֆիլմէն կարգ մը դրուագներ յայտնուեցան ARRI-ի կայքէջին, որ կը հրապարակէ լաւագոյն ժապաւէններու ծանօթացման հոլովակները։
1915 թուական։ Անատոլուի հայկական գիւղերէն մէկուն մէջ, ունեւոր ընտանիքի մը զաւակներն են Մարիամ եւ Պետօ, որոնք թռչուններ կը խնամեն։ Տղաքը առտու մը հակառակ իրենց մօրմէն ծեծուելու վտանգին, տունէն կը փախին՝ խնամելու համար իրենց թռչունները։ Երբ կը վերադառնան իրենց թռչնաբոյնէն, տունը կը գտնեն դատարկ։ Ոչ միայն տան մէջ, այլ բովանդակ գիւղին մէջ մարդ չէ մնացած, վերածուած է ուրուական բնակավայրի մը։ Տղաքը կանգնած են դժուարին արկածախնդրութեան մը առջեւ. արդեօք պիտի կրնա՞ն վերստին միանալ իրենց ընտանիքին հետ։
Ֆիլմի սկզբնական դրուագներուն մէջ կ՚երեւին նաեւ թրքահայ քանի մը դերասաններ, ինչպէս՝ Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ Յովսէփ Գարակէօզեան։