ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ նախընթաց օր Սէն Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման որոնումներու մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպման առընչութեամբ կը հնչեն զանազան տեսակէտներ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի կողմէ արձագանգները ընդհանրապէս ունին դրական բնոյթ։ Այդ երկիրներու Երեւանի եւ Պաքուի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները երէկ հանդէս եկան զանազան յայտարարութիւններով, որոնք ընդհանրապէս լաւատես տրամադրութիւններ կը ցոլացնեն։
Այս մթնոլորտին մէջ կը խօսուի նաեւ նախագահներու ապագայ նոր հանդիպման մը հաւանականութեան շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օրելիա Պուշէ յայտարարեց, որ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ Փարիզ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ կազմակերպելու համար Սարգսեան-Ալիեւ յաջորդ հանդիպումը։ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները պիտի շարունակեն իրականացնել իրենց պարտականութիւնները ու ջանքեր գործադրել փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ֆրանսա՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, արդէն յայտարարած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպում մը կազմակերպելու պատրաստակամութեան մասին», ըսաւ ան։
Բաց աստի, Օրելիա Պուշէ ողջունեց նախընթաց օր Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումը։ «Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարելի է հասնիլ մշտական եւ անկեղծ երկխօսութեան միջոցաւ», համոզուած է ֆրանսացի դիւանագէտը։
Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն եւ վերլուծաբաններուն կողմէ ընդհանրապէս վերապահ մօտեցումներ կը բարձրաձայնուին Սէն Փեթերսպուրկի եռակողմանի հանդիպման յաջորդած ներկայ փուլին։ Ընդհանուր առմամբ, Պաքուի դիրքորոշումը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր։ Վերլուծաբաններու համոզմամբ, Վիեննայի եւ Սէն Փեթերսպուրկի նախագահական մակարդակով հանդիպումներուն ընթացքին առնուեցան կիսաքայլեր։ Այս երեւոյթը տակաւին հնարաւորութիւն կը թողու Ատրպէյճանին՝ որպէսզի վերադառնայ բանակցային գործընթաց։ Ընդհանուր թերահաւատութեան պատճառներէն մին ալ այն է, որ Ատրպէյճան ցարդ քանիցս չէ յարգած իր խոստումները եւ հաւատարիմ չէ մնացած իր տուած երաշխիքներուն։
ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Միւս կողմէ, Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտարկման յանձնաժողովին մօտ Հայաստանի գծով համազեկուցողները ներկայացուցին իրենց վերջին այցելութեան արդիւնքները։ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Հերմինէ Նաղդալեան, որ կը գլխաւորէ ԵԽԽՎ-ի հայկական պատուիրակութիւնը, ներկայացուց յանձնաժողովին մօտ տեղի ունեցած համապատասխան քննարկումները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԽԽՎ-է ներս արձանագրուած է, որ Ատրպէյճան գլխատած է իր սպաննած հայ զինուորները եւ հպարտացած այդ վայրագութիւններով։