ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ «Music of Armenia» կազմակերպութիւնը, երէկ Երաժշտութեան միջազգային օրուան առթիւ, իրականացուց շարք մը միջոցառումներ։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, տօնելով երաժշտութեան գեղեցկութիւնն ու անսահման ուժը, միջոցառումը նպատակ ունի նոր շունչ բերել հայկական երաժշտարուեստի հարուստ ժառանգութեան՝ բացայայտելով եւ հանրահռչակելով հայ երաժիշտներու ստեղծած երաժշտութիւնը:

Երէկ, «Մետաքսի ճանապարհ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հայ աւանդական գործիքներու վարպետութեան դասը, որ տեղի ունեցաւ ծանօթ երաժիշտ Յովիկ Սահակեանի մականին ներքեւ։ Ապա ելոյթ ունեցաւ «Օշական» համոյթը։ Եզրափակիչ համերգը կայացաւ «The Loft»ի մէջ, ուր ելոյթ ունեցաւ «The Windrose» երաժշտախումբը:

Երաժշտութեան միջազգային օրը առաջին անգամ նշուած է Ֆրանսայի մէջ 1982 թուականին, Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ժաք Լանկի նախաձեռնութեամբ: Այդ թուականէն ի վեր, այս տօնը դուրս եկաւ Ֆրանսայի սահմաններէն ու դարձաւ համաշխարհային տօն: Ան կը նշուի աշխարհի հարիւրտասն երկիրներու մէջ. ինչպէս՝ Պելժիա, Գերմանիա, Յունաստան, Մեծն Բրիտանիա, Իտալիա, Զուիցերիա, Չիլի, Եգիպտոս եւ այլն։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2017