ԴԷՊԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին այժմու վիճակը։ «Արեւելեան գործընկերութեան ապագան ալեկոծ ժամանակներու մէջ» խորագրեալ հաւաքոյթին ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ քաղաքական մեկնաբան Ստեփան Գրիգորեան, որ կը ղեկավարէ Կլոպալիզասիոնի եւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կեդրոնը։ Ըստ իրեն, Հայաստանի նոր իշխանութիւնը դրական լիցք պիտի տայ Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած պայմանագրին։ «Քաղաքականութիւնը ընդհանուր առմամբ էապէս չի փոխուիր, բայց բովանդակութիւնը տարբեր կ՚ըլլայ։ Մենք պէտք է շարունակենք աշխատիլ թէ՛ Ռուսաստանի, թէ՛ Եւրոմիութեան, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ Չինաստանի, թէ՛ Վրաստանի եւ թէ Իրանի հետ, բայց բովանդակութիւնը կը փոխուի», ըսաւ ան։

Ստեփան Գրիգորեանի կանխատեսումներով, ներկայ իշխանութիւններով Հայաստան աւելի արագ կ՚ընթանայ դէպի ժողովրդավարութիւն։ «Լուրջ փոփոխութիւններ կ՚ըլլան եւ Հայաստան իր տեղը պէտք է գտնէ աշխարհի մէջ», համոզուած է ան։

Երեւանի այս խորհրդաժողովը կազմակերպած էր Ստեփան Գրիգորեանի ղեկավարած կեդրոնը՝ համագործակցելով «Ֆրիտրիխ Նաուման» հիմնադրամին հետ։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018