ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՎԱՅՐԷՋՔԸ

Իսթանպուլի նորակառոյց երրորդ օդակայանը երէկ օգտագործուեցաւ առաջին անգամ։ Թէեւ տակաւին շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն օդակայանի թռիչքուղիները արդէն պատրաստ են։

Երէկ առաջին անգամ նորակառոյց օդակայանը վայրէջք կատարեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի օդանաւը։ Էրտողանի՝ «TC ANK» օդանաւէն վերջ վայրէջք կատարեց նաեւ «TC IST» օդանաւը, որու մէջ էին նախագահի ընկերակից պատուիրակութեան անդամները։

Երրորդ օդակայանի պաշտօնական բացումը նախատեսուած է 29 հոկտեմբերին։ Երէկուան վայրէջքին ժամանակ Էրտողան յայտնեց, որ փառաւոր օդակայան մը կառուցած ըլլալու հպարտութիւնը կ՚ապրին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց շինարար ընկերութիւններուն։ Նախագահը շեշտեց, որ գործին մեծամասնութիւնը վերջացած է, ու մնացած՝ նուազ բաժին մը։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018