ԷԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի առաջին նիստը։ Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ ԵՄ-ի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, ԵՄ-ի արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը յատկապէս ընդգծեցին, որ սա առաջին հանդիպումն է Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի միջանկեալ կիրարկումէն վերջ։ Ընդգծուեցաւ, որ գործընկերութեան խորհուրդը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ամփոփելու ընդհանուր օրակարգի իրագործման ներկայ մակարդակը եւ նախանշելու համագործակցութեան յետագայ խորացման հեռանկարները։ Կողմերը վերահաստատեցին համաձայնագրի նշանակութիւնը՝ որպէս յարաբերութիւններու իրաւական հիմք, որ գործնականին մէջ կ՚ընդգրկէ բոլոր կենսական ոլորտները եւ համագործակցութեան շրջանակները։ Ընդգծուեցաւ համաձայնագրի նշանակութիւնը Հայաստանէ ներս բարեփոխումներու եւ զարգացման օրակարգի խթանման, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու հետ համագործակցութեան խորացման  ուղղութեամբ։ Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը զուգադիպեցաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական արմատական փոփոխութիւններու շրջանին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական երկխօսութեան, առեւտրատնտեսական, փոխադրութեան ու հաղորդակցութեան, ուժանիւթի բնագաւառէ ներս համագործակցութեան, շարժունակութեան եւ վիզաներու ազատականացման վերաբերեալ հարցերուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրի պարագային գոյութիւն ունին գործողութիւններու յստակ ուղենիշներ։

Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստի աւարտին հրապարակուեցաւ մամլոյ համատեղ յայտարարութիւն մը։ Պրիւքսելի մէջ զուգահեռաբար տեղի ունեցաւ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ֆետերիքա Մոկերինիի հանդիպումը, որմէ վերջ անոնք սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Մնացականեան-Մոկերինի հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Մնացականեան ներկայացուց հիմնահարցի հանգուցալուծման գործընթացէն ներս հայկական կողմի դիրքորոշումն ու առաջնահերթութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ ան վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան ծրագրին մէջ ամրագրուած դրութիւնները, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Բանակցային գործընթացի յառաջ մղման համատեսքին մէջ նախարարը ընդգծեց խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի մը ձեւաւորման եւ նախապէս ձեռքբերուած համաձայնութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը։ Իր կարգին, Ֆետերիքա Մոկերինին ալ վերահաստատեց ԵՄ-ի աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն ի նպաստ։

Պրիւքսելի երէկուան ժողովի աւարտին հրապարակուած համատեղ մամլոյ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Այսպէս, Եւրոմիութիւնը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը աջակցելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կողմերուն յորդորեց ներգրաւուիլ այս գործընթացին առանց որեւէ նախապայմանի։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018