ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՄՆ-ԷՆ ՍՏԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ «F-35»Ը

Թուրքիա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներկայիս կը ներածէ «F-35» ռազմաօդանաւեր։ Ամերիկեան կողմը երէկ Թուրք զինեալ ուժերուն համար յանձնեց առաջին «F-35» ռազմաօդանաւը, որու համարն է 18-0001։ Այս գործարքը կ՚իրականանայ՝ հակառակ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշումներուն եւ Թուրքիոյ դէմ նախատեսուած պատժամիջոցներուն։

Թուրքիոյ յանձնուած առաջին «F-35» ռազմաօդանաւը արտադրուած է Fort Worth-ի գործարանէն ներս, Թեքսաս։ Հիմնական արտադրող ընկերութիւնն է Lockheed Martin, որու նախագահը՝ Մերլին Հիւսըն մատնանշեց, որ այս ռազմաօդանաւը կը համարուի փորձագիտութեան հրաշք մը։ Ան յայտնեց, որ իրենց համար մեծ պատիւ մըն է այս առաջին ռազմաօդանաւը յանձնել Թուրքիոյ Հանրապետութեան։

Առաջին ռազմաօդանաւի յանձնման առթիւ երէկ կազմակերպուեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցեցան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Ընդհանուր առմամբ Անգարայի կողմէ պատուիրուած է 30 ռազմաօդանաւ։ Մասնագէտներու վկայութեամբ՝ «F-35»երը անտեսանելի ու անպարտելի են։ 10.000 մեթր բարձրութեան վրայ 360 աստիճան տեսադաշտով օդի մէջ ամէն ինչ նկատելու ընդունակութեան տէր են այս ռազմաօդանաւերը։

Ամերիկեան կողմը երկրորդ «F-35»ը յառաջիկայ յուլիսին պիտի յանձնէ Թուրքիոյ։ Ռազմաօդանաւերը մինչեւ 2020 թուականը պիտի մնան ԱՄՆ-ի մէջ՝ որպէսզի մարզուին թուրք օդաչուները։

Երէկուան հանդիսութեան մասնակից թուրք պաշտօնատարները մատնանշեցին, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի վստահելի ու վճռական դաշնակիցներէն մին է։ Ան պիտի շարունակէ նպաստել համաշխարհային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան։ «F-35» ռազմաօդանաւերն ալ պիտի նպաստեն Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային անվտանգութեան պահպանման։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018