ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՄԻՇՏ Կ՚ԱՇԽԱՏԻՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա, Ուաշինկթըն եւ Փարիզ կը շարունակեն աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին անդրադարձաւ՝ հիւրընկալելու ժամանակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսը, որ այցելեց Երեւան։ Ռուս նախարարը այս առթիւ յայտնեց, որ իրենք կարգաւորման ուղղութեամբ կ՚աշխատին ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի հետ՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներ։ Լաւրով մատնա-նըշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը ստեղծուած է հակամարտութեան բոլոր կողմերու համաձայնութեամբ եւ կը շարունակէ զբաղիլ քաղաքական կարգաւորումով՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման ուղղութեամբ։ «Պաքուի եւ Երեւանի լիարժէք համաձայնութիւնով մենք կ՚աշխատինք՝ որպէսզի իրականացնենք խնդիրները, որոնք բոլորիս առջեւ կանգնած են։ Որպէսզի այս բանը տեղի ունենայ՝ անհրաժեշտ է հակամարտ բոլոր կողմերու համաձայնութիւնը», ըսաւ ռուս նախարարը։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018