ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՄԻՋԱՎԱՅՐԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար մեկնաբանեց Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքները։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլի հիմնական առաջնահերթութիւններուն՝ Զօհրապ Մնացականեան ըսաւ հետեւեալը.

«Կը կարծեմ՝ մենք կը պահպանենք մեր հանդիպումներու թափը։ Սա շատ կարեւոր է եւ այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատինք։ Պէտք է պահպանենք այդ թափը, այդ շատ կարեւոր միջավայրը, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ յառաջ շարժուելու բոլոր խնդիրներու, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման յառաջընթացի ուղղութեամբ։ Եւ դուք գիտէք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանքը։ Կը կարծեմ՝ վերջին շաբաթներու, վերջին ամսուան ընթացքին եղան որոշ զարգացումներ, որոնք ազդեցութիւն ունեցած են գործընթացին վրայ։ Եւ կը կարծեմ՝ պէտք է ուշադիր դիտարկենք սա եւ տեսնենք այն ուղիները, որոնցմով կրնանք հաւատարիմ մնալ այն յանձնառութիւններուն եւ փոխադարձ ըմբռնումներուն, որոնց շուրջ կ՚աշխատէինք վերջին ամիսներու տեւողութեան։ Սա մեր այսօրուան բանակցութիւններու շատ կարեւոր մասն է։ Շատ կարեւոր առաջնահերթութիւններ են յառաջընթացի ապահովման քաղաքական կամքը եւ միջավայրի կայունութիւնը։ Այս բոլորը կ՚ապահովէ պատշաճ մթնոլորտ, որու մէջ կ՚ընթանայ հաշտութեան գործընթացը։ Եւ, ի հարկէ, մենք համանախագահներու եւ իմ պաշտօնակից՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ ուշադրութիւն կը ցուցաբերենք այս բանին»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Զօհրապ Մնացականեան շեշտեց, որ սկզբունքօրէն ներկայիս անհրաժեշտ է առաջին հերթին կեդրոնացած մնալ այն միջավայրին վրայ, որ կ՚ապահովէ գործընթացի յառաջընթացը։ Իսկ սկզբունքային մօտեցումները բոլորին յայտնի են, Հայաստանի կողմէ զանազան առիթներով արտայայտուած։ Ուստի, Մնացականեան անհրաժեշտ կը համարէ ուղղակի շատ ուշադիր վերլուծել, թէ ինչպէս կարելի է պահպանել այդ թափը, որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ քաղաքական կամք ունենալու ու շարժելու դէպի խաղաղ կարգաւորում։ Իր խօսքով՝ շատ կարեւոր է հասկնալ Հայաստանի եւ Արցախի բացարձակ առաջնահերթութիւնները։ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնը, որմէ կը բխի կարգավիճակի հարցը, շատ յստակ կը սահմանէ, թէ հայկական կողմը ինչպէս կը դիտարկէ այս հարցը։ «Ի հարկէ, պէտք է գիտակցիլ, որ ամբողջ խաղաղ կարգաւորումը կը նշանակէ փոխզիջում, իսկ փոխզիջումը կը նշանակէ երկկողմանի ճանապարհ։ Ուստի, կը կարծեմ, թէ պէտք է շատ զգայուն ձեւով մօտենալ մեր բացարձակ անվտանգութեան մտահոգութիւններուն եւ անոնց ընկալման։ Եւ մենք պէտք է հաշուի առնենք նաեւ միւս կողմի մտահոգութիւնները։ Ուստի, կը կարծեմ, թէ այս զգուշաւոր մօտեցմամբ եւ քաղաքական կամքի շրջանակներէն ներս պատրաստ ենք յառաջ շարժուելու», ըսաւ Մնացականեան։

Հարցումի մը պատասխանելով Զօհրապ Մնացականեան՝ բացատրեց, որ Արցախի բանակցութիւններու մէջ ներգրաւման վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշման կապակցութեամբ չկայ որեւէ փոփոխութիւն ու չի կրնար ըլլալ։ Հայաստանի դիրքորոշումը կառուցուած է շատ գործնական հիմքի մը վրայ, գործնական մօտեցման վրայ։ «Արցախը շահառու է եւ կը հանդիսանայ այս բոլորի առարկան։ Անոնք պէտք է ունենան սեփականութեան համապատասխան զգացում, եթէ մենք իսկապէս վճռական ենք բանակցային գործընթացէ ներս գործնական յառաջընթաց ապահովելու հարցին մէջ։ Ուստի, կը կարծեմ՝ մենք շատ յստակ եղած ենք մեր մօտեցումներուն մէջ, մենք կը փորձենք ընդգծել, որ սա մասնաւորապէս քաղաքական կամքի գործնական հարց մըն է՝ բանակցութիւններուն մէջ ապահովելու համար գործնական յառաջընթաց։ Այս բանակցութիւններու առարկան եւ շահառուն՝ Արցախը պէտք է ունենայ սեփականութեան անմիջական զգացում։ Ուստի, սա եղած է երկխօսութեան մաս, ի հարկէ, մենք պէտք է հաշուի առնենք այս բանը։ Սակայն, ինչպէս ըսի, շատ կարեւոր հանգամանք մըն է, որ այս խնդիրները փոխկապակցուած են եւ մենք շատ զգուշօրէն պէտք է մօտենանք անոնց», ըսաւ Մնացականեան։

Ուաշինկթընի հանդիպման լոյսին տակ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ շատ զգոյշ է լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան վերաբերեալ գնահատականներու պարագային։ Սակայն, սա պատասխանատուութիւն մըն է, որովհետեւ այս բանակցութիւնները ուղղակիօրէն ազդեցութիւն ունին մարդոց կեանքերուն վրայ։ «Երբ հարցը այս հարթութեան վրայ կը դիտարկուի, պէտք է գիտակցիլ, թէ ամէն ինչ կը կատարուի, պէտք է ծառայէ խաղաղութեան հաստատման նպատակին։ Սա լաւ է Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Արցախի համար, սա լաւ է ամբողջ տարածքաշրջանի համար։ Բայց սա պէտք է այնպէս մը ընել, որ բոլոր կողմերը զգան, թէ ընդունուած յանձնառութիւնները համարժէք են, կայ փոխադարձ զիջման վրայ հիմնուած այնպիսի լուծում մը, որով կողմերէն իւրաքանչիւրը կրնայ զգալ, թէ կ՚արտայայտէ իր ազգային շահերն ու փոխադարձ մտահոգութիւնները։ Սա է փոխզիջման էութիւնը», ըսաւ Մնացականեան։

Լրագրողներ Մնացականեանին յիշեցուցին Մամետեարովի յայտարարութիւնը, ըստ որու յաջորդ հանդիպումը պիտի չուշանայ։ Այս կապակցութեամբ Մնացականեանն ալ նշեց, որ կողմերը համաձայնած են, թէ անհրաժեշտ է աշխատիլ։ «Մենք բնականաբար պատրաստ ենք շարունակել եւ պատրաստ ենք յայտարարել այդ յաջորդ կէտը, երբ համաձայնութիւն կ՚ունենանք», աւելցուց ան եւ ընդգծեց, որ հիմնախնդրի լուծումը ինքնին կ՚ենթադրէ յանձնառութիւն։

Իր յայտարարութիւններու վերջին բաժնին մէջ Մնացականեան խօսեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։ Մնացականեան ըսաւ. «Մենք շատ խտացեալ, ներառական եւ շատ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը ունեցանք դեսպան Պոլթընի հետ։ Մենք հնարաւորութիւն ունեցանք քննարկելու հարցերու լայն շրջանակ մը, որու մէջ ամենակարեւոր մասը կազմեցին տարածքաշրջանային անվտանգութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը։ ԱՄՆ համանախագահ երկիրներէն մին է եւ որպէս համանախագահ՝ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի հետ միասին շատ կարեւոր խաղացող մըն է այս ամբողջին մէջ։ Մենք ունինք տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ թափին վերաբերեալ շատ կարեւոր հարցեր։ Ի հարկէ, պէտք է շարունակենք այս երկխօսութիւնը, այս զրոյցը։ ԱՄՆ շատ կարեւոր գործընկեր մըն է Հայաստանի համար։ Մենք ունինք բաւական հարուստ երկկողմանի օրակարգ մը եւ այդ մէկը կ՚արժեւորենք։ Ուստի, բոլոր առումներով սա շատ կարեւոր զրոյց մըն էր ԱՄՆ-ի՝ Հայաստանի կարեւոր գործընկերոջ հետ հարցերու լայն շրջանակին շուրջ։ Եւ ես ըսի, որ սա շատ արդիւնաւէտ, հետաքրքրական երկխօսութիւն, զրոյց, քննարկում մըն էր դեսպան Պոլթընի հետ»։

 

Շաբաթ, Յունիս 22, 2019