«ՓԹԻԹ» Կ՚ԱՇԽՈՒԺԱՆԱՅ

Քորոնաժահրի համաճարակի շրջանը հայկական սփիւռքի կրթական համակարգին առջեւ յարուցած է բազմաթիւ հարցեր։ Մէկ կողմէ բոլորին համար ի զօրու՝ առանց հարթ անցում մը կազմակերպելու ժամանակ ունենալու հեռավար ուսուցման հաստատուիլը, իսկ միւս կողմէ՝ սփիւռքեան դպրոցներու դիմագրաւած ծանր նիւթական դժուարութիւնները… Այս բոլորը սփիւռքի հայեցի դաստիարակութեան տեսակէտէ լուրջ խնդիրներու ծնունդ տուած են եւ այդ խնդիրներու լուծման հեռանկարները տակաւին չեն ուրուագծուած։ Առկայ պայմաններով Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջին ամիսներուն յաւելեալ ջանքեր ի գործ կը դնէ համացանցի վրայ նոր սերունդին ուղղեալ արեւմտահայերէն հնարաւորութիւնները ճոխացնելու առաջադրութեամբ։ Կը տեղեկանանք, որ նոյն ծիրին մէջ հիմնարկը որոշած է նեցուկ կանգնիլ «Փթիթ» կայքէջին, որ կը թիրախաւորէ մանուկներն ու պատանիները։ Ուրեմն, համանուն կայքէջը համավարակի ներկայ շրջանին պիտի աշխուժանայ, ինչ որ ողջունելի իրադարձութիւն մըն է ներկայ ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։

«Փթիթ» մանկապատանեկան կայքէջը մեկնարկած է հոկտեմբեր 2015-ին,Պէյրութի մէջ՝ 2010-էն ի վեր լոյս տեսնող նոյնանուն պարբերաթերթը հասանելի դարձնելու համար ամբողջ սփիւռքին: 2016-ին կայքի յաջորդեց համանուն յաւելուածը, որ ցարդ ունի շուրջ 33 հազար ներբեռնում։ Կայքի թարմացումները պարբերաբար շարունակուեցան մինչեւ 2020 եւ ան ցարդ ունեցած է շուրջ 53 հազար այցելու։ Վերջին ամիսներուն, համաճարակի պարտադրած մեկուսացումին պատճառով, կայքի այցելուները եռապատկուեցան (մարտ-մայիս ամիսներուն՝ աւելի քան 10 հազար այցելու), որովհետեւ զանազան երկիրներու հայկական վարժարաններ սկսան օգտուիլ կայքէջէն՝ մանաւանդ անոր լեզուական փոխներգործուն խաղերու հարուստ ընտրանին՝ իբրեւ առցանց ուսուցումի օժանդակ միջոց, աշակերտներուն արեւմտահայերէնով հաճելի եւ շահեկան գիտելիքներ ջամբելու համար։

«Փթիթ» մանկապատանեկան կայքը լեզուական խաղերու կողքին ունի նաեւ թուաբանական, տրամաբանութեան եւ ժամանցային խաղեր, ինչպէս նաեւ յօդուածներ, առակներ, պատմութիւններ, ժպիտներ եւ հանելուկներ, որոնք կը հետաքրքրեն զանազան տարիքի եւ հայերէնի իմացութեան տարբեր մակարդակներ ունեցող երեխաները: Ի տես այս իրականութեան, որոշուած է աւելի յաճախակի դարձնել թարմացումները. ուստի, այսուհետեւ ամսական դրութեամբ նոր նիւթեր պիտի տեղադրուին կայքէջին վրայ։

Հարկ է նշել, որ «Փթիթ»ի կայքը՝ www.e-ptit.com գոյութիւն ունի եւ անոր պարբերական թարմացումները կը կատարուին շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նիւթական նեցուկին:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2020