ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Երուսաղէմի մէջ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի ամավերջի հանդէսը վերջերս տեղի ունեցաւ՝ առիթ դառնալով մեծ խանդավառութեան։ Քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ ժամանակաշրջանին այս հանդիսութիւնը վերածուեցաւ գործօնի մը, որով սաղիմահայութեան տրամադրութիւնը բարձրացաւ։ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հանդէսը։

Հանդիսութեան բացման խօսքը վստահուած էր վարժարանի քարտուղար Աշոտ Սարկաւագ Ղազարեանին: Ձեռնարկի տեւողութեան Ընծայարանի եւ վարժարանի շրջանաւարտներ, նաեւ Ժառանգաւոր սաներ հանդէս եկան ուղերձներով, ասմունքով, մեներգերով ու խմբերգերով, դաշնակի գեղեցիկ կատարումներով:

Հանդիսութեան վերջաւորութեան վարժարանի տեսուչ Տ. Թէոդորոս Վարդապետ Զաքարեան հրաւիրեց Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանը, որպէսզի յանձնէ շրջանաւարտներու վկայականները, ինչպէս նաեւ վարժարանի եւ Ընծայարանի յաջողագոյն ուսանողներու մրցանակները: Բացի այդ մրցանակներէն, շրջանաւարտներու համար յուշանուէրներ պատրաստած էին նաեւ՝ Երուսաղէմի Հայ երիտասարդաց միութեան վարչութիւնը, Աւագեան քոյրերը, Օրիորդ Տինա Պլոքլանտ եւ բուժքոյր Սեդա Կէճէքուշեան:

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումէն յետոյ, լուսարարապետ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան արտասանեց փակման խօսքը: Երեկոյթը եզրափակուեցաւ Սուրբ Աթոռի օրհներգով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Հուսկ, տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2020