ԴԻՐՔԵՐԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Մայիսի 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները խախտած են Հայաստանի պետական սահմանը։ Շաբաթներէ ի վեր բազմակողմանի աշխատանք կը տարուի խաղաղ ճանապարհով այս հարցը հարթելու համար։ Խորքին մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման մեծ օրակարգին մաս կը կազմէ այս տագնապը։ Պաքու կ՚ուզէ ապահովել, որ Երեւան յօժարի իր հետ կնքել խաղաղութեան համաձայնագիր, ինչ որ իր հետ պիտի բերէ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը։ Նկատի ունենալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը տակաւին վերջնականապէս քաղաքական տեսակէտէ չէ կարգաւորուած եւ կարգավիճակի խնդրին շուրջ յստակութիւն չէ եղած, հայկական կողմը ձեռնպահ կը մնայ այդպիսի քայլի մը երթալէ։ Թէ ի՞նչ շարունակութիւն կրնան ունենալ իրադարձութիւնները՝ այս պահուն դժուար է ենթադրել, սակայն ակնյայտ է, որ սահմանի վրայ պէտք է ապահովել լիցքաթափում։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ երէկ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս յառաջիկայ շրջանին Ռուսաստանի սահմանապահներ պիտի տեղակայուին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան երէկ յայտնեց, որ մօտաւոր ապագային նախատեսուած է ռուս սահմանապահներու տեղակայումը, որմէ վերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հայելային եղանակով ետ պիտի քաշուին սահմանագծէն։ «Աշխատանքեր կ՚ընթանան ռուս գործընկերներու տեղակայման վերաբերեալ, ընթացքի մէջ է, պիտի կարգաւորուի։ Տեղի կ՚ունենան եռակողմ բանակցութիւններ, որուն զուգընթաց նաեւ գործընթացը կը շարունակուի», նշեց մարզպետը։

Բաց աստի, Գնել Սանոսեան նշեց, որ տեղորոշման գործընթացը պիտի աւարտի, մօտակայ ժամանակներուն Ռուսաստանի սահմանապահները պիտի տեղակայուին եւ երկու կողմերու զինեալ ուժերը պէտք է դիրքերէն ետ քաշուին։

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ այս կապակցութեամբ հաստատեց մարզպետի փոխանցած տեղեկութիւնները ու յիշեց, որ յաւելեալ պարզաբանում մը չունի։

Ատրպէյճանի զօրքերը Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերէն թափանցած էին Հայաստանի սահմաններէն։ Ստեղծուած տագնապալի իրավիճակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջարկած էր տեղակայել միջազգային դիտորդներ։ Առայժմ հրապարակուած նորութիւնները կը վերաբերին միայն Գեղարքունիքի մարզին։ Սիւնիքի կապակցութեամբ յստակ լուրեր չկան։

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան եւս բացատրութիւններ տուաւ նոյն նիւթին շուրջ։ Ըստ իրեն, սահմանի Գեղարքունիքի հատուածէն ներս Ռուսաստանի խաղաղապահներու տեղակայման ուղղութեամբ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են։ Եթէ վերջնական որոշում մը տրուի, ապա համապատասխան յայտարարութիւնը պիտի կատարուի։ «Մենք մեր տարածքէն ներս Ատրպէյճանին հարցնելիք ոչինչ ունինք։ Բայց բանակցութիւնները ռուսական կողմին հետ կ՚ընթանան, որովհետեւ կան հարցեր։ Մեր նպատակն է՝ մեր տարածքէն ներս յայտնուած Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու առանց բախումներու հեռացումը», ըսաւ Դաւթեան եւ աւելցուց, որ որեւէ զիջում պիտի չըլլայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու դուրսբերման հարցը եթէ բանակցութիւններու միջոցաւ չկարգաւորուի, ապա համապատասխան գործողութիւններով պիտի կարգաւորուի։ Զօրավար Դաւթեան նշեց, որ Ատրպէյճանի զինուորներու թիւը Հայաստանի տարածքէն ներս չէ փոխուած եւ այս պահուն դէպքեր չկան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հերթական հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութիւնը եւ խնդրայարոյց կացութեան հանգուցալուծման ուղիները։ Յարութիւնեան եւ Շոյկու գոհունակութիւն յայտնեցին պաշտպանութեան ոլորտէ ներս Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան աշխոյժ զարգացման կապակցութեամբ։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներուն։

Երեքշաբթի, Յունիս 22, 2021