ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԻՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս որոշեց Արցախի վերաբերեալ ութ հետազօտական ծրագիր հովանաւորել։ Յառաջիկայ շրջանին այդ ծրագիրները պիտի ստանան հիմնարկի նպաստը։

Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս այս կապակցութեամբ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։ Այսպէս, յիշեալ բաժանմունքը ձեռնարկած է նոր ծրագրի մը, որ սկիզբ առած է այս տարեսկիզբին։ Սոյն նախագիծը ուղղուած է Արցախի մասին հետազօտական աշխատանքներու խրախուսման։ Նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ բաժանմունքի «Հայագիտութեան կարճաժամկէտ կրթաթոշակ»ի ծրագրին։ Նպատակն է քաջալերել Արցախի վերաբերեալ ժամանակակից ուսումնասիրութիւնները՝ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով 1994 թուականի յաջորդած ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ առկայ կացութիւնը։

Ըստ հաղորդագրութեան, դիմումներու առաջին փուլին (1 մարտ-20 ապրիլ), չորս տարբեր երկիրներէ դիմումներ կատարուեցան. Հայաստան, Ֆրանսա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ։ Այս փուլին ութ դիմողներ կրթաթոշակ ստացան։ Հաշուի առնուեցան դիմումներուն որակը եւ ուսումնասիրութեան առարկաներուն այժմէականութիւնը: Նիւթերն են՝ արտաքին քաղաքականութիւն եւ անվտանգութիւն, միջազգային իրաւունք, մշակութային ինքնութիւն, սեռային ներառականութիւն, խաղաղութեան հաստատում, սնունդի ապահովութիւն, ինչպէս նաեւ բնապահպանական հարցեր։

Կրթաթոշակներու ընդհանուր գումարը կը կազմէ 30 հազար եւրօ, որ պիտի բաժնուի հետեւեալ դիմողներուն. Ատրինէ Գրիգորեան (ԱՄՆ), տքթ. Ալպերթ Հայրապետեան (Հայաստան), Արմէն Ասրեան (Հայաստան), տքթ. Քարոլ Ման (Ֆրանսա), Ղարիպ Յարութիւնեան (Հայաստան), տքթ. Իկոր Տորֆման-Լազարեւ (Ֆրանսա), տքթ. Ռուբէն Էլամիրեան (Հայաստան), տքթ. Թալին Փափազեան (Ֆրանսա)։

Կիւլպէնկեան հիմնարկի Արցախի մասին հետազօտական կրթաթոշակներու այս ծրագիրը պիտի ունենայ դիմումներու երկրորդ փուլ մը՝ 1 յուլիս-31 օգոստոսին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ հասանելի են համացանցի վրայ՝ https://gulbenkian.pt/en/bolsas-lista/short-term-research-grants-for-the-study-of-nagorno-karabakh-ii/ համապատասխան ծրագրի կայքէջին միջոցաւ։

Երեքշաբթի, Յունիս 22, 2021