ՀԲԸՄ-Ի ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ. ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան առթիւ։ ՀԲԸՄ Հայաստանի ընտրութիւններու արդիւնքը որակեց՝ համազգային ապաքինման ուղղեալ առաջին քայլ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Նիւ Եորք, կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։

*

Յունիս 2021-ի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն մէջ իր արձանագրած  յաղթանակով Նիկոլ Փաշինեան դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրինականօրէն ընտրեալ վարչապետը: ՀԲԸՄ այս առթիւ իր շնորհաւորանքը կը փոխանցէ պր. Փաշինեանին: Ընտրողներու վճռական մեծամասնութիւնը իր քուէն տուաւ ի նպաստ՝ իր խոստումներու իրականացման երկրորդ պատեհութեան մը, կրկին անդրադարձ կատարելու 2020-ի Արցախի պատերազմի ողբերգական կորուստներու պատճառներուն:

Ժամանակները անկասկածօրէն  ճակատագրական հետեւանքներ կրնան ունենալ մեր անկախ պետականութեան գոյատեւման տեսակէտէն: Մեր հաւատամքն է, որ յաջողութեան հասնելու առաջին քայլը ազգային առողջացման գործնականապէս նպաստելն է: Այս գործընթացը կը ներառէ հաշտութեան ու գործակցութեան ոգիով պատշաճ յարաբերութիւններու հաստատում խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերու հետ, հիմնուելով այն իրողութեան վրայ, որ տարածքաշրջանային փխրուն իրադրութեան մէջ գործունէութիւն ծաւալող բայց ինքնիր մէջ բաժանեալ կառավարութիւն մը յաւելեալ վտանգներ կ՚առաջադրէ մեր երկրին:

Այժմ ժամանակն է  սատար կանգնելու Հայաստանի ապագային հանդէպ միասնական մէկ տեսլականի, անմիջական առաջնահերթութիւն համարելով հայրենիքի ինքնիշխանութիւնը եւ անվտանգութիւնը:

Ամենայն յարգանքով ներկայ ղեկավարութեան հանդէպ, մեր առաջարկն է, որ գործուն կերպով ամէն ջանք գործադրուի արդիւնաւէտ ժողովրդավարութեան կազմաւորման ապահովումին ուղղութեամբ. թափանցիկութիւն, ներառականութիւն, քաղաքացիական հանրութեան հետ համագործակցութիւն՝ ընդգրկելով նաեւ հայկական համատարած սփիւռքը:

Մեր երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը պէտք է իր կարողութիւնները սեւեռէ անհրաժեշտ հաստատութիւններու ճիշդ կերպով կառուցման եւ կայացումին վրայ: Մեր անցնելիք ուղին մեր առջեւ համատեղ գործունէութեան  պահանջ կը դնէ, ակնկալելով, որ հայրենի կառավարութիւնը ընդառաջ երթայ թէ՛ հայրենաբնակ, թէ՛ սփիւռքաբնակ մասնագէտներու եւ տաղանդ ու ձիրք ունեցող անհատներու ներգրաւման անհրաժեշտութեան, ի խնդիր առաւել պայծառ ապագայի հասնելու ճանապարհային քարտէսի ստեղծման:

Իւրաքանչիւր հայ դերակատարութիւն ունի առողջացման ու վերաշինութեան այս գործընթացին մէջ: Որպէս աշխարհի ամենամեծ ոչ շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնը եւ որպէս հայրենիքի մէջ 115-ամեայ ներկայութիւն ունեցող հաստատութիւն, մենք կը գիտակցինք ազգովին խոցուած ըլլալու մեր իրողութեան յաղթահարման դժուարութիւնները: Գիտակից ենք նաեւ, մեր քաղաքացիներուն կրկին յոյս եւ ամրութիւն ներշնչելու անհրաժեշտութեան, արձագանգելով անոնց ամէնօրեայ, իրական, ընկերային-տնտեսական հեռանկարին առընչուող մտահոգութիւնները դիմագրաւելու, անոնց առողջ եւ ապահով կեանք ունենալու մարտահրաւէրներուն ու մերօրեայ անորոշ աշխարհի մէջ իրենց զաւակներուն ապագան կերտելու մտավախութիւններուն եւ  դժուարութիւններուն:

Անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին մենք բազմիցս կրցած ենք ապացուցել հայկական սփիւռքի անկեղծ ու մեծարժէք սատարումը հայրենի պետականութեան: Վստահ ենք, որ այդ նուիրումը շարունակական պիտի ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ մեր հպարտութիւնը եւ մեր ինքնութեան երաշխաւորը:

Եկէ՛ք, վերակերտենք մեր ազգը՝ ճանչնալով եւ յարգելով բոլորիս տաղանդները եւ կարողունակութիւնները, զանոնք արդիւնաւէտօրէն ի գործ դնելով: Մենք պարտական ենք յաջորդ սերունդին եւ անոնց, որոնք գերագոյն զոհողութեան յանձնառու եղան յանուն մեր ժողովուրդի ազատութեան եւ անոր հանդէպ արդարութեան:

Միութիւնը զօրութիւն է:

Երեքշաբթի, Յունիս 22, 2021