ՄՇՈՒՇԻ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿ

Շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն վերջ, Հայաստանի մէջ տեսականօրէն սկիզբ կ՚առնէ նոր շրջան մը։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով յառաջացած քաղաքական տագնապին լուծում գտնելու առաջադրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ընտրութիւնը։ Առայժմ դժուար է ըսել, թէ այդ տագնապը իսկապէս յաղթահարուա՞ծ է կամ ոչ։ Թէեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընտրութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ կրկնելով կը կրկնէ, որ տագնապը յաղթահարուած է, սակայն, ըստ երեւոյթին, բաւարար ազդանշաններ գոյութիւն չունին այս ուղղութեամբ։ Գործնականօրէն մշուշի մէջ նոր մեկնարկ մըն է Հայաստանէ ներս։ Իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի ուշադրութեամբ՝ մանաւանդ, որ երկրի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները կը մնան առկայ։

Շաբաթավերջի ընտրութենէն լուրջ յաղթանակով մը դուրս եկաւ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ բազմամարդ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ։ Ընտրական յաղթանակը տօնախմբելու եւ Նիկոլ Փաշինեանին խորհրդանշական «պողպատէ լիազօրութիւն» մը յանձնելու համար նախատեսուած էր այս մեծ ցոյցը։ Փաշինեանի քաղաքական խումբէն յառաջատար դէմքեր հանդէս եկան ելոյթներով, ըստ էութեան, կրկնելով իրենց յայտնի խօսոյթը։ Իր կարգին, ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեան, որ ընտրական յաղթանակէն վերջ, իր իշխանութեան նոր շրջանի սկիզբին տուաւ զանազան պատգամներ։ Թէեւ հանրահաւաքը բաւական բազմամարդ էր, սակայն, բոլոր անոնք, որոնք ուշադիր կը հետեւէին, բաղդատութեան կարգով կը նկատէին հիմնական հանգամանք մը։ Ո՛չ Փաշինեան իր խանդավառութեան գագաթնակէտին վրայ էր եւ ոչ ալ հանրահաւաքի մասնակցած զանգուածին մօտ զգալի էր մօտաւոր անցեալի՝ այդ ծանօթ տրամադրութիւնը։ Վերջ ի վերջոյ, թէեւ Փաշինեան զանազան կարեւոր նիւթերու անդրադարձաւ, կարեւոր պատգամներ ալ տուաւ, սակայն նոր շրջանի վերաբերեալ իր կողմէ տրուած ազդանշանները որոշ չափով պղտոր էին։ Ան մէկ կողմէ հանրային, քաղաքական կեանքէ ներս վերամիաւորում մը, վերստին համախմբում մը ապահովելու ուղղեալ կոչեր կ՚ուղղէր, համապատասխան ողջունելի սպասումներ կ՚արտայայտէր, սակայն, իր խօսոյթէն դուրս չէին մնար սպառնախառն արտայայտութիւնները։ Հանրահաւաքի ընթացքին Փաշինեան օրակարգի վրայ բերաւ ցայսօր պետութենէն գողցուածը ինքնակամ վերադարձնելու հարցը, նաեւ ընդգծեց, որ այլեւս հայհոյախօսութիւնը պէտք է դուրս մնայ երկրի քաղաքական միջավայրէն։ Հոգեւոր առաջնորդներուն ալ ձիթենիի ճիւղ երկարել փորձեց Փաշինեան՝ իր ապահոված ժողովրդական աջակցութիւնը, իր հաւաքած քուէները մատուցելով՝ «Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ»ի բանաձեւումով։ Արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներուն գրեթէ չանդրադարձաւ Փաշինեան, որ փորձեց բոլորը համոզել, թէ 9 նոյեմբեր 2020 թուականին ծնունդ առած քաղաքական տագնապը յաղթահարուած է Հայաստանի մէջ։ Ան յաճախ կրկնեց եւ հանրահաւաքի մասնակիցներն ալ վանկարկելու հրաւիրեց իր կուսակցութեան նախընտրական լոզունգը. «Ապագայ կայ»։

Երբ արդէն մութը իջած էր, Փաշինեան հանրահաւաքի մասնակիցներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի իրենց ձեռքի հեռախօսները բարձրացնեն՝ վառելով լոյսերը։ Այս փուլին ան մաղթեց, որ Արցախի պատերազմի եւ հայոց բոլոր ժամանակներու նահատակներու գերեզմաններուն լոյս իջնէ։ Իր կոչին ընդառաջ, հանրահաւաքի մասնակիցները հրապարակին վրայ վանկարկեցին՝ Հայաստան, Հայաստան։ Այս փուլին ան ըսաւ, թէ սա ընտրութեան մէջ մրցակից դարձած դաշինքի անունը չէ, այլ բոլոր հայերու տունն է։ Իրեն յանձնուած «պողպատէ լիազօրութեան» կարգախօսին զուգահեռ՝ Փաշինեան հանրահաւաքի ընթացքին քանի մը անգամ կրկնեց, որ այդ լիազօրութիւնը պիտի օգտագործէ, որպէսզի Հայաստանի մէջ հաստատուի օրէնքի եւ օրինականութեան մենատիրութիւնը։

Երէկուան հանրահաւաքին զուգահեռ Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ ներկայիս կան զանազան հարցադրումներ։ Երկրի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայաստան» դաշինքը, որ երկրորդ հորիզոնի վրայ դուրս եկաւ ընտրութիւններէն, երէկ տեղեկացուց, որ որոշած է ընտրութեան արդիւնքը վիճարկել Սահմանադրական ատեանի մօտ։ Ռոպերթ Քոչարեան այս առաւօտ ալ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ՝ մանրամասն բացատրելով յետընտրական մօտեցումները։ Զանազան իրաւաբաններ կը մատնանշեն, որ եթէ խորհրդարան մուտք գործել յաջողած «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքներու երեսփոխանները հրաժարին ստանձնել իրենց լիազօրութիւնները, ապա նորընտիր խորհրդարանը կրնայ չձեւաւորուիլ։ Սա, անշուշտ, մեկնաբանութեան շատ բաց խնդիր մըն է։ Այս առաւօտեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռոպերթ Քոչարեանն ալ անդրադարձաւ այս խնդրին։ Ըստ իրեն, երեսփոխանական լիազօրութիւնները ստանձնելու կամ չստանձնելու հարցին շուրջ «Հայաստան» դաշինքը վերջնական որոշում մը տակաւին չունի։ «Բայց ստացած ենք պայքարը շարունակելու շատ լուրջ նոր հնարաւորութիւն», ըսաւ Քոչարեան։

Հայաստանի մամուլը այսօր արդէն զանազան կանխատեսումներ ալ կ՚ընէ նոր կառավարութեան մէջ նախարարի պաշտօն ստանձնելիք հաւանական անուններուն շուրջ։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, միջազգային գետնի վրայ ալ արձագանգ կը գտնեն Հայաստանի ընտրութիւնները։ Զանազան մայրաքաղաքներու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ շնորհաւորութիւններ կը հասնին Փաշինեանին։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ է Մոսկուայի արձագանգը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ տեղեկացուց, որ Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի ընտրութիւններու ընթացքին եւ ստեղծուած համապատասխան իրավիճակին։ Ան ընտրութեան առթիւ շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը ու նշեց, որ Քրեմլին կը տեսնէ Փաշինեանի տարած վստահ յաղթանակը ընտրութիւններուն մէջ։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմը կը փափաքի, որ ժողովուրդի որոշումը նպաստէ երկիրը զարգացման կայուն ուղիի վրայ դնելու։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յոյս յայտնեց, թէ ընտրութիւններու արդիւնքը կը նպաստէ Հայաստանի եւ ռուս-հայ յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման։

Երեքշաբթի, Յունիս 22, 2021