ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԻԶԲ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա հերթական անգամ ի լուր աշխարհին հռչակած է, որ Ատրպէյճանի կողքին պիտի ըլլայ։

Երէկ, Անգարայի մէջ, կառավարութեան ժողովէն վերջ, Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւններով։ Ազգին ուղղուած խօսքի ձեւաչափին մէջ նախագահը սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ան յատկապէս կանգ առաւ Պրիւքսելի մէջ իր մասնակցած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին եւ այս վերջնոյն յաջորդած՝ դէպի Ատրպէյճան պաշտօնական այցելութեան վրայ։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ Պաքուէն ցամաքի ճանապարհով Շուշի մեկնելու ատեն ականատես եղած են բռնագրաւման եւ պատերազմական շրջանի բոլոր աւերներուն, ցաւերուն։ Երեսուն տարուայ բռնագրաւման ընթացքին Ղարաբաղի եւ բռնագրաւուած յարակից Ատրպէյճանի տարածքներուն մէջ նոյնիսկ գամ մը չէ գամուած։ Ժառանգութիւնը քմահաճօրէն վնասուած է։ «Տեսանք, թէ ամէն կողմ ինչպէս փլցուած ու հրկիզուած է», ըսաւ Էրտողան եւ յայտնեց, որ առաջին հերթին Արեւմուտքը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները պէտք է տեսնեն Ղարաբաղը։ Ան շարունակեց. «Ովքեր, ո՛ր տեղերը երեսուն տարուայ ընթացքին ինչ վիճակի բերած է։ Եկէք, տեսէք։ Ենթակառուցուածքներու կա՛մ բացակայած եւ կամ բոլորովին խանգարուած, պատմական ու մշակութային կոթողներու, բնակարաններու, նոյնիսկ ծառերու հրկիզուած, փլցուած այս սիրուն աշխարհագրութիւնը վերականգնելու ուղղեալ աշխատանքներու ալ ականատես եղանք։ Թուրքիայէն բազմաթիւ ընկերութիւններու հինգ-վեց ամսուան նման կարճ ժամանակի մը մէջ, մեր Սեւ ծովու շրջանին նման բարդ աշխարհագրութենէ մը ներս յաջողածները տեսնելով հպարտացանք։ Սկսած են ճանապարհաշինութիւններ, փապուղիներու կառուցումներ, քաղաքներու եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու վերակառուցումներ։ Համոզուած եմ, թէ ամենաուշը տարուայ մը ընթացքին այս շրջանը բոլորովին նոր դիմագիծ մը պիտի ունենայ։ Ես տեսայ Իլհամ Ալիեւի այս ուղղութեամբ վճռակամութիւնը, իր հաւատը եւ այս բոլորով առաջ Աստուած այս շրջանի տարուան մը ընթացքին վերականգնման ականատես պիտի ըլլանք»։

Շուշիի վերաբերեալ տպաւորութիւններուն անդրադառնալով՝ Էրտողան շարունակեց. «Արծիւներու բոյնի նման ժայռերու վրայ հիմնուած Շուշիի մէջ մենք ալ բաժնեկից եղանք Ատրպէյճանի մեր եղբայրներու ազատութեան ուրախութեան»։ Ան աւելցուց, որ Շուշին եղած է Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ ամենավերջին ազատագրուած, ամենաշատ պայքար տրուած վայրերէն մին։ Ըստ Էրտողանի, Ատրպէյճանի պատմութեան մէջ հետք թողած բազմաթիւ գեղարուեստի, մշակոյթի եւ գիտութեան վարպետներ հասած են Շուշիէն։ Այնտեղ հարիւրաւոր պատմական կոթողներ վանտալօրէն ոչնչացուած են՝ շրջանի թրքական կնիքը մաքրելու համար։ Էրտողանի խօսքով՝ Շուշիի ազատագրումը Ատրպէյճանի ժողովուրդին տեսակէտէ միայն տարածք մը շահած ըլլալու իմաստէն շատ աւելի վեր է։ «Առաջ Աստուած այս գեղեցիկ քաղաքի գլխաւորութեամբ, բռնագրաւումէ ազատուած Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի բոլոր տարածքները ամենակարճ ժամանակի ընթացքին պիտի վերականգնուին եւ շրջանը իր բուն ինքնութեան պիտի վերադառնայ», նշեց Էրտողան։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան նաեւ բացատրեց, որ Թուրքիա իրեն վիճակած ամէն ինչ կ՚ընէ ու պիտի շարունակէ ընել, որպէսզի տարիներով հայրենիքի կարօտ քաշած Ատրպէյճանի գաղթական իր եղբայրները ամենակարճ ժամանակի ընթացքին վերադառնան իրենց տունը։ Ղարաբաղը վերակենդանացնելու առընթեր, նախազգուշական միջոցներ պիտի առնուին՝ մէկ ազգ, երկու պետութիւն կարգախօսի ոգիին համապատասխան, որպէսզի Ատրպէյճան անգամ մըն ալ այսպիսի մեծ աղէտներու չենթարկուի։ «Իմ եղբօր՝ Ալիեւի հետ ստորագրած եւ ի լուր աշխարհին յայտարարուած Շուշիի հռչակագիրը կը բնորոշէ մեր յարաբերութիւններու մէջ նոր շրջանի մը սկիզբը։ Այս շրջանակին մէջ բազմաթիւ համաձայնութիւններ պիտի ստորագրուին շուտով եւ այսպէսով Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութեան իրաւական հիմքերը ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդուին։ Շուշիի մեր հիւպատոսարանի ամենակարճ ժամանակի ընթացքին բացումէն սկսեալ՝ մինչեւ Զանգեզուրի միջանցքի շուտով գործել սկսիլը, մեր օրակարգի բոլոր գլուխները վճռակամութեամբ ու փութով կեանքի պիտի կոչենք։ Յառաջիկայ ամիսներուն մեր երկրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին այս բոլորի վերաբերեալ շօշափելի քայլերու մեծամասնութիւնը առնել կը ծրագրենք», ընդգծեց Էրտողան։

Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան երէկ յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն շատ աւելի լաւ հասկնալի պիտի դառնայ, որ Ղարաբաղի յաղթանակը Ատրպէյճանի եւ տարածքաշրջանի տեսակէտէ ինչ իմաստ կը ներկայացնէ։ «Այստեղը, առաջ Աստուած, պիտի դառնայ այն վայրը, ուր աշխարհը սեփական քաղաքական ու տնտեսական շահերու միջոցի վերածածներուն խաղը պիտի կոտրուի։ Տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ու անդորրութեան վերահաստատումէն ամենաշատ օգուտը ապահովելիքներէն մին ալ Հայաստանը պիտի ըլլայ, եթէ կարողանայ արժեւորել այս հնարաւորութիւնը», նշեց Էրտողան։

Մինչ այդ, կը հաղորդուի, որ Անգարա այս շրջանին չի բացառեր Ատրպէյճանէ ներս գործարան ստեղծելու հաւանականութիւնը՝ ռազմական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան համար։ Պաշտպանութեան արդիւնաբերութեան գործակալութեան ղեկավար Իսմայիլ Տեմիր երէկ յայտնեց, որ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ կ՚ընթանան համապատասխան քննարկումներ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ արձագանգեց Հայաստանի՝ շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի նոր կառավարութիւնը ճիշդ հետեւութիւններ կ՚ընէ՝ վերլուծելով առկայ տագնապի պատճառները։

«Հայաստանի մէջ ծագած տագնապի պատճառը ո՛չ թէ պատերազմի պարտութիւնն է, այլ տասնամեակներէ ի վեր վարուած նախայարձակ քաղաքականութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու խախտումով, ուժ կիրառելով եւ փոխելով միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները», ըսաւ Պայրամով եւ աւելցուց, որ իր երկիրը կողմնակից է յարաբերութիւններու վերականգնման՝ սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջութեան սկզբունքներու հիման վրայ։ «Որոշողը Հայաստանն է», յայտնեց Պայրամով եւ աւելցուց, որ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան շարք մը դրոյթներու կատարումը կը ձգձգուի։

Երեքշաբթի, Յունիս 22, 2021