1 ՅՈՒԼԻՍԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ԿԵԱՆՔԸ ԲՆԱԿԱՆՈՆ ՀՈՒՆԻ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ 1 յուլիսէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ կեանքը պիտի դառնայ բնականոն։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ հաստատուած սահմանափակումները պիտի ջնջուին այդ թուականի դրութեամբ։ Կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ նախագահ Էրտողան յիշեցուց, որ Թուրքիա պատուաստումներու առումով յառաջատար դիրքի վրայ կը գտնուի աշխարհի մէջ։

1 յուլիսէն սկսեալ փողոց դուրս գալու սահմանափակումները պիտի ջնջուին։ Միջքաղաքային ճամբորդութիւնները պիտի դառնան ազատ, նոյնպէս՝ հանրային փոխադրամիջոցներու պարագան։ Հանրային հատուածէ ներս աշխատանքային ժամերը պիտի դառնան բնականոն։ Աշխատանքային կեանքէ ներս պիտի պահանջուի, որ համապատասխան ուղեցոյցներու չափանիշները գործադրուին։

Երեքշաբթի, Յունիս 22, 2021