ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՊՈՌԹԿՈՒՄ
Շանլըուրֆայի Սուրուչ գաւառակին մէջ պատահած ահաւոր ահաբեկչութեան արձագանգները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել Թուրքիոյ օրակարգը։ Երէկ օրուան տեւողութեան դժբախտաբար զոհերուն թիւը բարձրացաւ 32-ի։ Ոստիկանութեան կողմէ կատարուած քննութիւններուն արդիւնքին յարձակման վերաբերեալ պարզուեցան նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ։ Մասնագէտները արդէն ճշդած են, թէ Սուրուչի մէջ պայթեցուած է կտորային ազդեցութեամբ ռումբ մը եւ անոր մէջ փոքր քարեգնդակներ ալ տեղադրուած են՝ հետեւանքները բազմապատկելու նպատակով։ Դէպքէն անմիջապէս վերջ ենթադրութիւնները այնպէս էին, որ իր մարմնին վրայ կրած ռումբերը պայթեցնող ահաբեկիչը իգական սեռէ էր։ Երէկ երբ տուեալները յարաբերաբար աւելի հասունցան՝ պարզուեցաւ, որ ահաբեկիչը արական սեռէ էր, սակայն հիմա հաշուի կ՚առնուի նաեւ այն վարկածը, թէ իր հետ գտնուած կրնար ըլլալ երկրորդ ահաբեկիչ մը՝ իգական սեռէ։ Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ բազմակողմանի հետազօտութիւնները։ Մինչ այդ, պատկան մարմինները երէկ սկսան աւարտել դիակներու դատաբժշկական քննութիւնները։ Զոհերու անշունչ մարմինները արդէն աստիճանաբար կ՚ուղարկուին իրենց ընտանիքներուն եւ կը յուղարկաւորուին։
Այս մթնոլորտին մէջ պետական աւագանին եւ քաղաքական շրջանակները անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն Սուրուչի մէջ պատահած դէպքերն ու արձագանգները։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ կրկնեց իր կոչը, որպէսզի Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած չորս կուսակցութիւնները հանդէս գան համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ ահաբեկչութեան դէմ։ Ըստ վարչապետին, բաւարար է քաղաքականութեան արեամբ կեղտոտուիլը։ ՃՀՓ-ն ալ պահանջեց, որպէսզի խորհրդարանի կողմէ ուսումնասիրութեան մը ձեռնարկուի՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման Թուրքիոյ գործունէութիւններուն շուրջ։
ՀՏՓ-ի համակուսակցապետ Սելահատտին Տէմիրթաշ, որ երէկ այցելեց Սուրուչ, պնդեց, թէ լրաքաղութեան եւ անվտանգութեան առումով տկարութիւն մը առկայ է պետութեան մօտ։ Ըստ իրեն, յիշեալ խմբաւորման դէմ երկու օրէ ի վեր միակ գործողութիւն մը իսկ կատարուած չէ։ Ձերբակալեալ մը, հսկողութեան տակ առնուած մը չկայ։ «Պետութեան մէջ ասոնք ունին պաշտպաններ», պնդեց Սելահատտին Տէմիրթաշ։ Իսկ Հանրապետութեան նախագահութեան աղբիւրները հերքեցին անոր տեսակէտները ու տեղեկացուցին, թէ Տէմիրթաշի պնդումները երեւակայական կը համարուին։
Միւս կողմէ, Սուրուչի դէպքին պատճառած ցնցումի մթնոլորտին մէջ միջազգային ընտանիքը զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ։ Այս շրջագծով երէկ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ հեռաձայնով կապ հաստատեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Այս առթիւ Էրտողան նշեց, թէ այս յարձակումին թիրախն էր Թուրքիոյ կայունութիւնը։ Ան յիշեցուց նաեւ որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շրջագծով Թուրքիա կ՚ակնկալէ իր դաշնակիցներուն աջակցութիւնը։