ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Մարտունիի եւ Ասկերանի ուղղութեամբ կ՚ապրուի խտացեալ փոխհրաձգութիւնը։ Երէկ յետմիջօրէին սկսած են բախումները, որոնց պատճառով անհանգիստ կացութիւնը բարձրացած է ճակատին վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտ-պանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց նաեւ, թէ առաջնային գծին վրայ ստեղծուած լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճան։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ալ անմիջապէս այցելեց առաջնագիծ։ Երէկ գիշեր ան սահմանագօտիէն ներս այցելեց զօրամասեր։ Առաջնագծի զանազան դիրքերուն մօտ նախարարը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրեց գործնական իրավիճակը։ Սէյրան Օհանեան դիրքերուն մէջ ծանօթացաւ տեղի ունեցող մարտավարական եւ ծառայողական փոփոխութիւններուն։ Ան իրեն ուղեկից բարձրաստիճան հրամանատարներուն հետ քննարկեց մարտական ծառայութեան եւ կազմակերպչական հարցերու լայն շրջանակ, լսեց անոնց զեկոյցները եւ տուաւ համապատասխան հրահանգներ։ Պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Արցախի բանակը կը տիրապետէ իրադրութեան։
Բաց աստի, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, թէ հայկական զինեալ ուժերը զսպման դրութիւն մը ստեղծած են հրադադարի պահպանման համար։ Ըստ Օհանեանի, հայկական զինեալ ուժերը շուտով պիտի ունենան նաեւ կանխարգելիչ արդի զինատեսակներ։
Բախումներուն զուգահեռ, Ատրպէյճանի աղբիւրները տարածեցին նաեւ շարք մը պնդումներ, որոնք հերքուեցան Ստեփանակերտի ղեկավարութեան կողմէ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ քարոզչութեան նպատակով տարածուած տեղեկութիւնը, ըստ որու հայկական երկու հրասայլ պայթած է ականի վրայ՝ չի համապատասխաներ իրականութեան։
Սահմանային բախումներու սաստկացած առկայ մթնոլորտին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ կը ջանան ելք մը գտնել առկայ իրավիճակէն։ Երեւանի մէջ նախընթաց օր Հայաստանի ղեկավարութեան հետ քննարկումներ ծաւալելէ վերջ, երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Վիեննայի մէջ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցը։ ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի գրասենեակին մէջ իրականացուեցան Մինսքեան խմբակի անդամներուն քննարկումները։ Շօշափուեցան նաեւ հետագայ քայլերը։ Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք յայտնեց, թէ յաջորդ քայլը կը վիճակի Պաքուին։