ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ԳՐՔԻ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
Մանկական գրականութեան վերաբերեալ հրատարակչական ծրագրերը միշտ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Հայաստանի մէջ։ Զանազան հրատարակչատուներ լոյս կ՚ընծայեն մանկական գրականութեան գիրքեր, որոնք մանաւանդ ամրան արձակուրդի ներկայ շրջանին պատանի ընթերցողներուն մօտ առիթ կը հանդիսանան խանդավառութեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ վերջերս հրատարակուեցաւ «Քոնրատը կամ պահածոյի տուփէն դուրս եկած տղան» մանկական գիրքը, որու հեղինակն է Քրիստինէ Նիւսթլինկէր։ Օտար լեզուէ թարգմանուած այս գործը պատանի ընթերցողներուն տեսակէտէ բաւական հետաքրքրական է, եւ նոր հորիզոններ կը բանայ անոնց երեւակայական աշխարհին առջեւ։ Նիւսթլինկէր այս գրքին մէջ կը ներկայացնէ ծնողք-երախայ ժամանակակից յարաբերութիւնները։ Նախընթաց օր տեղի ունեցած գիրքի շնորհանդէսին ընթացքին եւս ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Պատանի գրասէրները հետաքրքրութեամբ ծանօթացան գիրքի բովանդակութեան, մասնաւորապէս անոր հերոսին՝ Քոնրատին։ Գիրքին առընթեր անոնց տրամադրութեան տակ դրուած էին նաեւ նոյն խորհրդանշանով իրեղէններ, իսկ պատասխանատուներուն կողմէ տրուած բացատրութիւնները պատանի ընթերցողներուն ուշադրութիւնը ա՛լ աւելի լարեց Քոնրատի ոդիսականին վրայ։