ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ նո­րան­շա­նակ դես­պան Մա­թիաս Քես­լէ­րը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Այս առ­թիւ Սարգ­սեան դես­պա­նին յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ճա­նա­պար­հին։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ նշեց, որ յե­տա­դարձ հա­յեաց­քով ա­ւե­լի քան քսան տարուան պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին՝ կա­րե­լի է փաս­տել, որ հայ-գեր­մա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րըն­թաց զար­գա­ցում մը ապ­րած են։

Զրու­ցա­կից­նե­րը հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, որ Ե­րե­ւան եւ Պեր­լին ու­նին կա­յուն քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւն մը, աշ­խու­ժօ­րէն կը զար­գաց­նեն միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րը, կայ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խո­րաց­նե­լու զգա­լի նե­րուժ, ո­րու ուղ­ղու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ է երկ­կող­մա­նի ջան­քեր ներդ­նել՝ նկա­տի առ­նե­լով նաեւ, որ Եւ­րո­միու­թեան եր­կիր­նե­րէն Գեր­մա­նիա ապ­րան­քաշր­ջա­նա­ռու­թեան ծա­ւալ­նե­րով Հա­յաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­յին ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մին է։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման ուղ­ղեալ շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րուե­ցաւ նաեւ մշա­կու­թա­յին, գի­տակր­թա­կան, ռազ­մա­կան եւ այլ շարք մը ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Սերժ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց ան­ցեալ Ապ­րի­լին Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եո­հա­խիմ Կաու­քի կող­մէ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը եւ ընդգ­ծեց, թէ այդ մէ­կը ու­ժեղ պե­տու­թեան մը ու­ժեղ ղե­կա­վա­րին հա­մո­զուած ե­լոյթն էր։

Մա­թիաս Քես­լէր վստա­հե­ցուց, որ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին հնա­րա­ւո­րը պի­տի ը­նէ՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ զար­գաց­նել առ­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ նպաս­տե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ո­լորտ­նե­րու ներգ­րաւ­ման երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015