ՃԷՅԼԱՆՓԸՆԱՐԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԵՐԿՈՒ ՈՍՏԻԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Մինչ Սու­րու­չի դէպ­քե­րուն պոռթ­կու­մը կը շա­րու­նա­կուի բո­վան­դակ երկ­րին մէջ, այս ա­ռա­ւօտ Շան­լըուր­ֆա­յէն վերս­տին հա­սան մտա­հո­գիչ ու ցա­ւա­լի լու­րեր։ Այս­պէս, քա­ղա­քին մէջ պա­տա­հե­ցաւ նոր յար­ձա­կում մը։ Շան­լըուր­ֆա­յի կու­սա­կալ Իզ­զետ­տին Քիւ­չիւք յայ­տա­րա­րեց, որ դէպ­քին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ եր­կու ոս­տի­կան։ Յար­ձա­կու­մը պա­տա­հե­ցաւ Ճէյ­լան­փը­նար գա­ւա­ռա­կին մէջ։

Կու­սա­կա­լին կող­մէ փո­խան­ցուած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, եր­կու ոս­տի­կան­նե­րը ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րէն ներս գտուած են մա­հա­ցած վի­ճա­կի մէջ։ Հե­տաքն­նու­թեան ձեռ­նար­կուած է ճշդե­լու հա­մար, որ դէպ­քը ա­հա­բեկ­չու­թեան հետ կապ ու­նի, թէ ոչ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015