ՄԻԽԱՅԷԼ ԼԻՆՔԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակի տնօրէն Միխայէլ Լինքը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ողջունելով հիւրը՝ Նալպանտեան դրական գնահատեց այս գրասենեակին հետ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացներու բարեփոխման ուղղութեամբ այս կառոյցին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը։ Ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով՝ Միխայէլ Լինք գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանի եւ իր ղեկավարած գրասենեակին միջեւ հաստատուած են արդիւնաւէտ համագործակցութեան նախընթացներ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի այս գրասենեակին գործառոյթները՝ ընտրութիւններու դիտարկման, ընտրական գործընթացներու կատարելագործման նպատակով խորհրդատուութեան եւ օժանդակութեան տրամադրման, օրէնսդրական բարեփոխումներու վերաբերեալ Հայաստանի պատկան պետական մարմիններուն հետ հաստատուած յարաբերութիւնները։ Ան շեշտեց, որ միջազգային կառոյցներու աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուած են ծաւալուն բարեփոխումներ։
Հանդիպման տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի այս գրասենեակի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։